ԵՐԵՒԱՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Հայաստանի առողջապահութեան ոլորտի հարցերուն նուիրուած համաժողովին քննարկուեցան սփիւռքահայ կառոյցներու՝ Հայաստանի առողջապահական համակարգին օժանդակելու կարելիութիւնները: Համաժողովը կազմակերպած էր Առողջապահութեան ոլորտի ամերիկահայ մասնագէտներու կազմակերպութիւնը:
«Հայաստանի մէջ քաղաքացիներու մահացութեան եւ հաշմանդամութեան գլխաւոր պատճառներու բացայայտումը հիմնական առաջնահերթութիւններէն է», կ՛ըսէ Նիւ Ճըրզի նահանգին մէջ գործող Առողջապահութեան ոլորտի ամերիկահայ մասնագէտներու կազմակերպութեան նախագահ, բժիշկ Լերի Նաճարեան՝ յիշեցնելով, որ վերջերս Նիւ Ճըրզիի մէջ եւս ամերիկահայ բժիշկներու միութիւնը կազմակերպած էր քննարկում-համաժողով մը, Հայաստանի մէջ առողջապահութեան ոլորտի առաջնահերթութիւններուն եւ սփիւռքահայ կառոյցներու կողմէ տրամադրուելիք օժանդակութեանց մասին:
Կազմակերպութեան նախագահը կը պնդէ, որ Հայաստանի բնակչութեան առողջական հիմնական հարցերուն բացայայտումը պիտի նպաստէ տեղւոյն բժիշկներուն հետ համագործակցութեան ու առողջապահութեան ոլորտին մէջ ճիշդ ռազմավարութիւն մշակելու ջանքերուն։
Իր կարգին, քալիֆորնիաբնակ բժշկուհի եւ միջոցառման բանախօս Նիքա Յարութիւնեան ընդգծեց այսպիսի հաւաքներու կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ այսօր, Հայաստանի այս ոլորտի ծրագիրերուն մէջ ներգրաւուած են բազմաթիւ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններ եւ անհատներ։
Յարութիւնեան Հայաստանի մէջ կ՛իրականացնէ քաղցկեղի ոլորտի հետազօտման ծրագիր մը:
Համաժողովին ընթացքին քննարկուեցաւ Հայաստանի առողջապահութեան ոլորտին տրամադրուելիք օժանդակութեանց եւ սփիւռքահայ կառոյցներու ջանքերը համակարգելու կարելիութիւնները:
Քննարկման մասնակցողները պնդեցին, որ անհրաժեշտ է միասնական հարթակ, որ առիթ պիտի ստեղծէ աւելի լաւ պատկերացում կազմելու ընթացիկ ծրագիրներուն եւ կատարուած աշխատանքներուն մասին:
«Այսօր Հայաստանի առողջապահութեան ոլորտին մէջ կ՛իրականացուին բազմաթիւ լաւ նախաձեռնութիւններ եւ ծրագիրներ, սակայն հարցը այն է, որ անոնք կը գործեն անջատաբար եւ առանց համակարգումի», նշեց բժիշկ Նաճարեան:
Համաժողովը նաեւ քննարկեց Հայաստանի առողջապահութեան ոլորտի բազմաթիւ հարցերը եւ ընդգծուեցաւ առողջապահութեան ոլորտի որակի բարելաւման անհրաժեշտութիւնը: Յատկապէս նշուեցաւ, որ Հայաստանի մէջ բազմաթիւ հիւանդութիւններու վերաբերեալ տուեալներու շտեմարանի մը բացակայութեան հիմնահարցը, որ կը խոչընդոտէ առողջապահութեան ոլորտի զարգացման:
«Առանց առողջապահութեան ոլորտի տուեալներու միացեալ արխիւի մը դժուար է խորհուրդ տալ կամ բարելաւման առաջարկներ կատարել», նշեց միջոցառման բանախօսներէն Ալին Պաղտասարեան:
Մասնակցողները նաեւ շեշտեցին, թէ պատրաստ են համագործակցելու Հայաստանի կառավարութեան հետ՝ առողջապահութեան մակարդակը բարելաւելու համար: