ՊԷՅՐՈՒԹ.- 3 Յունիսին. Լիբանանի Հայկազեան համալսարանին մէջ կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Հայկազեան համալսարանին միջեւ ստորագրուած Համագործակցութեան յուշագիրի ծիրին մէջ կազմակերպուած Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական անձնակազմի 2 աշխատակիցներու՝ Արմէն Սարգսեանի եւ Սամուէլ Սարեանի մասնակցութեամբ ուսումնական ծրագիրի աւարտին:
Ձեռնարկին աւարտին, համալսարանի նախագահ Փօլ Հայտոսթեան եւ դեսպան Աթաբէկեան Արմէն Սարգսեանին եւ Սամուէլ Սարեանին յանձնեցին աւարտական վկայականները: