ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի Եզնիկ Կողբացի 42/3 հասցէին բացուեցաւ հայ երաժշտութեան զարգացման եւ պահպանման նուիրեալ սոփրանօ Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարանը, ուր ներկայացուած են Զաքարեանի եւ անոր ամուսինին՝ բանասէր, շարականագէտ, մանկավարժ, ծիսագէտ եւ երգիչ Խորէն Պալեանի անձնական իրերը, փաստաթուղթերը եւ նոթաները, նամակներ, գրադարանը եւ այլ ցուցանմուշներ: Տուն-թանգարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երգչուհիին ծննդեան օրը՝ 1 Յունիսին:
«1965ին, Պալեան հրաժարեցաւ իր հոգեւոր գործունէութենէն եւ անցաւ աշխարհիկ կեանքի: Ան սկսաւ աշխատելու Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ: Ես ալ համալսարանին մէջ կ՛աշխատէի: Այդ ժամանակներէն սկսած նուագակցած եմ անոր, ինչպէս նաեւ Լուսինէ Զաքարեանին», կը պատմէ Զաքարեան ընտանիքի բարեկամ եւ թանգարանի տնօրէն Սուսաննա Դաւթեան: Ան շեշտեց, որ մինչեւ այսօր չի պատկերացներ Երեւանը առանց Լուսինէի եւ Խորէնի: «Անոնք մեր բեմի զարդն էին եւ նպաստեցին հայ հոգեւոր զարթօնքին», ընդգծեց Դաւթեան:
Ըստ Խորէն Պալեանի եղբօրորդիին՝ Րաֆֆի Պալեանի՝ մեծ ջանքեր գործադրած են թանգարանը բանալու համար: «Ասիկա մեծ իրադարձութիւն է ոչ միայն Պալեան ընտանիքին, այլ նաեւ հայ ժողովուրդին համար: Հպարտութեամբ հանրութեան կը յանձնենք մշակոյթի այս կեդրոնը, որ պէտք է ծառայէ հոգեւոր երաժշտութեան: Այստեղ պէտք է հնչեն Զաքարեանի եւ Պալեանի անզուգական ձայները՝ մարդոց, որոնք կրցան հայ հոգեւոր, տոհմիկ եւ միջնադարեան երաժշտութիւնը հասցնել բարձր մակարդակի», ըսաւ ան:
Լուսինէ Զաքարեանի քոյրը՝ Լիւտմիլա Զաքարեան յայտնեց, որ բազմաթիւ երիտասարդներ այսօր չեն ճանչնար մեծ սոփրանօն: Ան ըսաւ, թէ յոյս ունի, որ տուն-թանգարանը կրնայ նպաստել իր քրոջ թողած ժառանգութեան ճանաչման:
Այն բնակարանը, ուր արուեստագէտները ապրած են 1968էն 2007, տուն-թանգարանի վերածելու Խորէն Պալեանի փափաքը, իրագործած է անոր եղբօրորդին՝ բժիշկ Րաֆֆի Պալեան, որուն ֆինանսաւորումով 2018ին իրականացուած են վերանորոգման աշխատանքները: 2019ին Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ֆինանսական աջակցութեամբ սկսան տուն-թանգարանի ցուցադրական աշխատանքները: Հիւրասենեակը վերստեղծուած է այնպէս, ինչպէս անոնց կենդանութեան օրերուն էր: Թանգարանի հաւաքածոյին համալրման եւ այլ աշխատանքներուն աջակցած են Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը, Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի ու Հայաստանի պատմութեան թանգարանները, Հայաստանի ազգային արխիւը, Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանը եւ ճարտարապետութեան ու շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանը: