ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ինթըրֆաքս».- Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ զանազան տեսակի զէնքեր մատակարարել Ուքրանիոյ, յայտարարեց Ուքրանիոյ հարցերու Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Քըրթ Վոլքըր:
«Ուքրանիա, ինչպէս աշխարհի որեւէ այլ երկիր, ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունի եւ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է բաւարարելու Ուքրանիոյ պաշտպանութեան ապահովման արդարացուած պահանջները», աւելցուց ան:
Միւս կողմէ, Լեհաստանի պաշտպանութեան նախարար Մարիուշ Պլաշչաք յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն եւ Վարշաւա գրեթէ համաձայնած են Լեհաստանի մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը ընդարձակելու առաջարկին շուրջ: