14 Ապրիլ, 2019ի Ծաղկազարդի առաւօտեան ժամերուն մարեցան Ֆերահեան Ազգային վարժարանի պատմութիւնը լուսաւորող երկու աստղեր՝ վարժարանի հիմնադիր տնօրէն պրն. Գաբրիէլ Ինճէճիկեան եւ ընկերուհի Անահիտ Մէյմարեան:
Ընկերուհի Անահիտ Մէյմարեան Հայ Օգնութեան Միութեան «Անահիտ» մասնաճիւղի վաստակաւոր անդամներէն մին էր: Երկար տարիներ ծառայած է իբրեւ վարչական անդամ, ստանձնած է ատենապետութեան պաշտօն եւ եղած է Շրջանային եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ:
Ունէր համեստ բնաւորութիւն եւ միշտ կ՛աշխատէր մասնաճիւղի եւ կազմակերպութեան վերելքին համար:
Անահիտ Մէյմարեանի գաղափարով եւ մղիչ ուժով, տարիներ առաջ Ronald Reagan գրադարանին մէջ (Sime Valley), Ծնունդի շրջանին զետեղուեցաւ հայկական տօնածառը, միջազգային ուրիշ ծառերու կողքին: Յաջորդաբար առաւել քան տասը տարիներ ցուցադրուեցաւ, մինչեւ գրադարանը վերջ տուաւ այդ ծրագիրին: Ronald Reagan գրադարանի վարիչները մեզի տեղեկացուցին, թէ ազգի մը տօնածառը շարունակաբար ցուցադրելու չափանիշներէն մէկը կախեալ է հանրութեան հետաքրքրութենէն. ուրեմն երեւակայեցէք, թէ որքան հետաքրքրութիւն ունեցաւ հայկական տօնածառը, որ ցուցադրուեցաւ առաւել քան տասը տարիներ:
Այսպէս էր ընկերուհի Մէյմարեան. ան նոր գաղափարներով կու գար ժողովներու, եւ ոչինչ կը խնայէր, որ մասնաճիւղը յառաջ երթայ:
Բնաւորութեամբ մեղմ ու համեստ՝ չէր սիրեր վիճիլ, սակայն երբ կարգը գար հայ ազգին, հայրենիքին կամ գաղութիս օգնութեան, անպայման կը պնդէր՝ ըսելով. «Մենք օգնութեան միութիւն ենք, պէտք չէ զլանանք մեր օգնութիւնը»: Փոքրիկ օրինակ մը՝ երբ Կեդրոնական վարչութիւնը կը ծրագրէր Ախուրեան գիւղին մէջ մօր ու մանկան ծննդատուն մը հիմնել, ընկերուհի Անահիտը անմիջապէս առաջարկեց, որ «Անահիտ» մասնաճիւղը 10,000 տոլարով մասնակցի: Եւ այդպէս ալ եղաւ:
Միութենական աշխատանքներուն կողքին, ան նաեւ վաստակաւոր ուսուցչուհի էր: Եղած է Ֆերահեան վարժարանի հիմնադիր ուսուցչուհիներէն, դասաւանդած է հայերէն, հայոց պատմութիւն, գրականութիւն: Աշակերտներուն ներշնչած է հայրենասիրական ոգի: Անոնց հոգիներուն մէջ դրոշմած է հայու մաքուր յատկանիշներ: Իր աշակերտները եղած են ապագայ տիպար հայ ծնողներ եւ նոյն ձեւով դաստիարակած են իրենց զաւակները:
Անահիտ Մէյմարեան եղած է նաեւ երկու հատորներու հեղինակ՝ «Իմ Սուրբ Հայրենիք» եւ
«Քարերը Կ՛աղաղակեն», որոնց մէջ ան կը փաստէ իր զօրաւոր հայրենասիրութիւնը:
Իր գրութիւնները յաճախ լոյս տեսած են «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ:
Իր արժանիքները չեն վրիպած Արամ Ա. վեհափառին ուշադրութենէն: Ան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պատուած է ընկերուհի Մէյմարեանը:
Իր համեստ բնաւորութեամբ ան պիտի չփափաքէր տեսնել իր մասին գրուած սոյն գովասանքները:
Աւելիին արժանի ես սիրելի ընկերուհի: Կորուստդ անփոխարինելի է նախ՝ ընտանիքիդ, ՀՕՄի մեծ ընտանիքին եւ ամբողջ հայ ազգին:
Խունկ ու մոմ անթառամ յիշատակիդ:
ՀՕՄ-Ի «ԱՆԱՀԻՏ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ