ԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, 31 Մայիսին, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան (ՀԵՄ) «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամները «Համահարթեցում չի լինելու» գրութեամբ պաստառներով ու վանկարկումներով Ազգային ժողովի դարպասներուն մօտ ցոյց կատարեցին: Յիշեցնենք, որ այս մէկը նախաձեռնութեան երրորդ ցուցական գործողութիւնն էր: Առաջին ցոյցին ՀԵՄականները Ազգային ժողովի բակին մէջ հաւեր բերած էին, իսկ երկրորդին՝ կառավարութեան շէնքին դիմաց «Ահազանգ» գրութեամբ դրամապանակներ նետած էին:
Նախաձեռնութեան անդամներուն պահանջը անփոփոխ է՝ պայքարիլ, որպէսզի չեղարկուի Հարկային օրսենսգրքի փոփոխութիւններու փաթեթին մէջ տեղ գտած եկամտային հարկի համահարթ սկզբունքը: Այսինքն՝ բոլորը նոյն չափով հարկելը:
Ցոյցին մասնակցողները պահանջեցին խորհրդարանական «Իմ Քայլը» մեծամասնութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցին հետ հանդիպիլ: Մինչ Մակունցի ժամանումը, դաշնակցական երիտասարդներուն հետ հանդիպեցան Ազգային ժողովի տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ Բաբկէն Թունեան եւ նոյն յանձնաժողովի անդամ Հայկ Գէորգեան: Անոնք ՀՅԴ ՀԵՄականներուն հետ փորձեցին քննարկում ունենալ, բայց «Ահազանգ»ականները ընդդիմացան, յայտնելով, որ քննարկումի տեղը փողոցը չէ:
Պատգամաւորներէն ետք երիտասարդներուն հետ հանդիպման եկաւ «Իմ Քայլ»ը պատգամաւորական խումբի նախագահ Լիլիթ Մակունց: Ան լսեց երիտասարդները եւ խոստացաւ ծանօթանալ նամակի բովանդակութեան:
«Յուսով եմ կառուցողական քննարկում կ՛ունենաք, ու բոլոր հարցերը կը քննարկուեն: Իսկ ձեր՝ այստեղ իրականացուող ակցիայի մասով ոչինչ ասել չեմ կարող, դա ձեր իրաւունքն է», ըսաւ Մակունց:
Դաշնակցական երիտասարդները բողոքի ցոյցը եզրափակեցին՝ Ազգային ժողովի դարպասներուն դիմաց ձգելով հագուստներ, որ կը խորհրդանշէ սովորական քաղաքացիներու առօրեան: «Այնպէս չլինի, որ մեր պատգամաւորները կտրուեն իրականութիւնից՝ չտեսնելով, թէ ինչպիսին է մարդկանց սոցիալական վիճակը», նշեցին ցուցարարները:
Երիտասարդները իրենց ցոյցի նպատակը բացատրող հաղորդագրութիւն մը հրապարակած էին:
«Հակառակ բազմաթիւ մասնագէտների եւ փորձագէտների բարձրաձայնած մտահոգութիւններին եւ զգուշացումներին, հակառակ ցածր եկամուտ ունեցող եւ երկրի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող անձանց շահերի՝ ՀՀ ԱԺ տնտեսական հարցերի մշտական յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն է ներկայացրել ՀՀ կառավարութեան հարկային օրէնսգրքում փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագծին, որն առաջիկայում ընդգրկուելու է ԱԺ լիագումար նիստերի օրակարգում։ Մեզ հետ հանդիպումներում «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնների ներկայացուցիչները վստահեցրել են, որ քաջատեղեակ են նախագծի բոլոր բացասական հետեւանքներին եւ առաջարկուող լուծումների հարցում չեն սատարում իշխանութեանը», կ՛ըսուի ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: