ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Վերաքննիչ քրէական դատարանը Չորեքշաբթի, 29 Մայիսի երեկոյեան ստացաւ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւսներու գործի նիւթերը: Դատարանի գրասենեակի պետ Աննա Աղայեան յայտնեց, որ ելեկտրոնային եղանակով գործը մակագրուած է դատաւոր Արմէն Դանիէլեանին, որ հետագային որոշում պիտի տայ դատը ընդունելու կամ չընդունելու մասին:
Դանիէլեան Երեւանի պետական համալսարանը աւարտելէ ետք դատական համակարգ մուտք գործած է իբրեւ դատական կարգադրիչ, այնուհետեւ աշխատած է իբրեւ դատական նիստերու քարտուղար, աւագ տեսուչ, դատաւորի օգնական եւ արդէն 2002ին նախագահ Քոչարեանի կողմէ նշանակուած է դատաւոր:
Քոչարեանի գործի նիւթերը Վերաքննիչ դատարան փոխանցեց Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեան, որ Քոչարեանի խափանման միջոց կալանքը անձնական երաշխաւորութեամբ փոխարինելէ երկու օր ետք կասեցուցած էր տուեալ գործի վարոյթը եւ զայն ուղարկած էր Սահմանադրական դատարան:
Նախկին նախագահի խափանման միջոցի փոփոխութեան եւ գործը կասեցնելու դէմ վերաքննիչ դատարանին բողոք ներկայացուցին Գլխաւոր դատախազութիւնը եւ Մարտ 1ի զոհերու եւ տուժողներու ներկայացուցիչները:
Երկուշաբթի օր, Սահմանադրական դատարանը հաղորդեց, որ գործի նիւթերը Դաւիթ Գրիգորեանի կողմէ համապատասխան գրութիւն ներկայացնելու պարագային՝ կրնան վերադարձուիլ: Դատաւոր Գրիգորեան Սահմանադրական դատարանէն ետ վերցուցած է Քոչարեանի գործի նիւթերը՝ պատճէնահանելու եւ Վերաքննիչ դատարան ուղարկելու համար: