ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Կառավարութեան կառուցուածքային փոփոխութիւններով պայմանաւորուած վերակազմակերպուող նախարարութիւններուն մէջ սկսաւ փոփոխութիւններու եւ վերանշանակումներու գործընթացը, որուն առաջին դրսեւորումը եղաւ վերակազմակերպուող նախարարութիւններու նախարարներու տեղակալներու պաշտօնազրկումը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով, իրենց պաշտօններէն ազատ արձակուեցան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարի տեղակալներ Կարէն Իսախանեան, Լիլիա Շուշանեան եւ առաջին տեղակալ Վաչէ Տէրտէրեան:
Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու փոխնախարարներու պաշտօններէն հեռացուեցան Մանէ Ադամեան, Աւագ Աւանեսեան եւ Ալպերթ Բաբայեանը: Փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարարի տեղակալներու պաշտօններէն հեռացուեցան Արմէն Արզումանեան, Բագրատ Բադալեան եւ Գեղամ Վարդանեան: Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալի պաշտօններէն հեռացուեցան Լուսինէ Առաքէլեան, Գրիշա Թամրազեան եւ Արեւիկ Անափիոսեան: Գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալի պաշտօններէն հեռացուեցան Գառնիկ Պետրոսեան, Արտակ Քամալեան եւ Տիգրան Գաբրիէլեան:
Ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարի տեղակալի պաշտօններէն հեռացուեցան Յակոբ Վարդանեան եւ Վարդան Գէորգեան: Մշակոյթի նախարարի տեղակալի պաշտօններէն հեռացուեցան Տիգրան Գալստեան եւ Նազէնի Ղարիբեան, մարմնակրթանքի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի առաջին տեղակալի պաշտօնէն հեռացուեցաւ Գաբրիէլ Ղազարեան, նոյն նախարարի տեղակալի պաշտօններէն՝ Քրիստինէ Ասատրեան, Սարգիս Աւագեան եւ Գէորգ Լոռեցեան: Սփիւռքի նախարարի տեղակալի պաշտօններէն հեռացուեցան Դաւիթ Սարգսեան եւ Բաբկէն Տէր Գրիգորեան: