ՊՈԼԻՍ, «Ակօս», «Մարմարա».- Այս օրերուն, երբ օրակարգի վրայ է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնները կազմակերպելու հարցը եւ կը սպասուի, որ 24 Յունիսին սկսի տեղապահի ընտրութեան գործընթացը, յանկարծ հրապարակ հանուեցաւ հարց մը, որուն առնչութեամբ նախորդ ինը տարիներուն մեծ բանավէճեր տեղի ունեցած էին։ Արդարեւ, Սահմանադրական ատեանը, մօտաւորապէս ինը տարի շարունակ սպասցնելէ ետք, 22 Մայիսին քննարկեց պատրիարքի ընտրութեան հարցը։
Արդարեւ, 2008ին, Մեսրոպ արք. Մութաֆեան պատրիարքին հիւանդանալէն ետք, հայ համայնքը իշխանութիւններուն դիմում կատարեց՝ պատրիարքի ընտրութեան թոյլտուութիւն պահանջելով: Պոլսոյ կուսակալութիւնը մերժեց այդ դիմումները՝ պնդելով, թէ պատրիարքներ անժամկէտ կը պաշտօնակոչուին, հետեւաբար իրենց կենդանութեան կարելի չէ նոր պատրիարքի ընտրութիւն կատարել: Դարձեալ կուսակալութեան թելադրանքով, Կրօնական ժողովը փոխանորդ նշանակեց Արամ արք. Աթէշեանը:
Պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը առարկեց այս աննախադէպ կարգադրութեան դիմաց եւ դիմեց դատարան՝ ընտրութեան իրաւունքը պաշտպանելու համար: Երբ դատարանը մերժեց այս պահանջը, խնդիրը փոխադրուեցաւ Սահմանադրական ատեան:
22 Մայիսի իր նիստին, Սահմանդրական ատեանը վերջապէս ընդունեց, որ պատրիարքի ընտրութեան խափանումը խախտում մըն է կրօնքի եւ խիղճի ազատութեան:
Նշենք, թէ այս հանգրուանին, լուրջ նշանակութիւն մը չի ներկայացներ Սահմանադրական ատեանին այս վճիռը, որովհետեւ արդէն իսկ մեկնարկման հանգրուանին մէջ է պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը: