ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Բ.
Կան շատ մը ախտանշաններ, որոնք պէտք չէ անտեսուին առողջ եւ հանգիստ կեանք մը ունենալու համար: Այս ախտանշաններէն կարեւորագոյններն են.
- Անակնկալ կշիռքի կորուստ, նիհարնալ, շաքարախ, գերվահանագեղձութիւն (hyperthyroidism), անբնական ուռեր-քաղցկեղ, ջրազրկում-ջրակորուստ (dehydration) եւ հոգեբանական խանգարումներ.
- Մնայուն գերջերմութիւն, բորբոքումներ.
- Անակնկալ շնչարգելութիւն-շնչահեղձութիւն (dyspnea), խաժամթութիւն (cyanosis), արիւնոտ կղկղանք եւ մէզ, արիւնախառն փսխունք եւ խուխ, յօդերու կարմրութիւն ջերմով եւ ցաւով միատեղ.
- Դաշտանէ (menstruation) դուրս հեշտոցային (vaginal) արիւնահոսութիւն, դաշտանի շարունակական խանգարում.
- Հեշտոցային անբնական հեղուկային կամ թարախային հոսք.
- Անակնկալ տեսողութեան եւ լսողութեան կորուստ.
- Անակնկալ յիշողութեան կորուստ:
Հոս կ՛ուզեմ անդրադարնալ առողջ սեռային կեանքի, միջավայրի եւ կենսոլորտի մաքրութեան, ծխելու եւ ալքոլի գործածութեան վնասներու մասին:
Սեռը կը ծառայէ սերնդագործումի, բազմացումի եւ մարդկութեան, ժողովուրդներու եւ ազգերու պահպանման եւ գոյատեւման: Անոր հիմնական նպատակն է՝ կեանքի շարունակականութիւնը: Սակայն մարդուն համար սեռը միայն բազմանալու միջոց չէ, այլ անիկա ունի բնական եւ կարեւոր կենսաբանական, հոգեբանական (psychological) եւ ընկերային ներգործութիւն (effect): Սեռով կը ձեւաւորուի անհատի մը կենցաղը, անհատականութիւնը (personality), ապրելակերպը, զգացումները, յուզական աշխարհը: Մարդկութեան քանակական (quantity) եւ որակական (quality) գոյութիւնը կախեալ է սեռէն եւ սեռային գործընթացքէն: Մարդկութիւնը կարողութիւնը ունի, եթէ ուզէ, բարձրանալու, գերադաս ոյժ դառնալու, բարոյապէս եւ ֆիզիքապէս իր ամբողջութեան մէջ:
Սեռային գործընթացքը եթէ ձգենք անկաշկանդ (uncontrolled) եւ ամբողջապէս ազատ սկզ-բունքներու վրայ, մարդկութիւնը կը հասնի բացարձակ անհակակշռելի քաոսային կացութեան մը: Սեռային կեանք-գործընթացը (sex life) պէտք է հիմնուած ըլլայ բարոյական առողջ սկզբունքներու եւ մտածողութեան վրայ: Հոս է որ մարդկութիւնը պէտք է տարբերի անասուններու ազատ, անկաշկանդ եւ բնազդային սեռէն: Մարդ արարածը պէտք է ունենայ մաքուր սեռային կենցաղ, վարք ու բարք, հիմնուած բարոյական սկզբունքներու վրայ: Սեռը կրնայ մղել մարդ արարածը ազնուագոյն եւ բարձրագոյն հոգեկան զգացումի, որն է սէրը։ Անիկա կրնայ նաեւ շատ դիւրաւ նուաստացնել եւ անբարոյականացնել մարդը եւ վերածել զայն բացարձակ աննկարագիր եւ անբարոյ էակի մը։
Կենսոլորտի օդի ապականացումը կը յառաջացնէ զանազան տեսակի հիւանդութիւններ եւ վատառողջ երեւոյթներ: Ապականած օդը թաքուն սպաննիչ է: Ապականած օդի պատճառները երկու տեսակ են՝ արտաքին եւ ներքին: Արտաքին պատճառներն են՝ շրջապատին մշուշախարն մուխ (smog), փոշի, գործարաններու, ինքնաշարժներու եւ գործածուած ծխախոտի ծուխը, իսկ ներքին պատճառներն են՝ տուներու, գործարաններու, հաստատութիւններու, դպրոցներու փոշին, նուազ օդաւորումը, խոհանոցի կազերը ու վառարաններու եւ ծխախոտի ծուխը:
Ըստ Գանատայի Առողջապահական գործակալութեան Գանատայի մէջ տարեկան 7700 կանխահաս մահեր կը պատահին: Այս թիւին 25 տոկոսը հետեւանքն է կենսոլորտի ապականութեան:
Ըստ Միջազգային առողջապահական կազմակերպութեան՝ ամբողջ աշխարհի մէջ.
- Կենսոլորտի ապականութեան պատճառաւ, տարեկան կը պատահին 7 միլիոն մահեր, որոնց 4.2 միլիոնը հետեւանքն է արտաքին ապականութեան եւ 2.8 միլիոնը ներքին ապականութեան, այսինքն՝ տուներու, դպրոցներու եւհաստատութիւններու: Այս 7 միլիոն մահերուն 2.4 միլիոնը կը մահանան սիրտի հիւանդութիւններով:
- Ուղեղային կաթուածներուն 24 տոկոսը հետեւանքն է կենսոլորտի ապականութեան: Կը պատահին 1.4 միլիոն մահեր ուղեղային կաթուածով:
- Բոլոր սրտազարկերակային մահերուն 25 տոկոսը հետեւանքն է կենսոլորտի ապականութեան:
- Մարդոց 90 տոկոսը կը շնչէ ապականած օդ:
- Թոքի խլիրդային եւ ոչ-խլիրդային հիւանդութիւններու մահերուն 43 տոկոսը հետեւանքն է օդի ապականութեան: Տարեկան կը մահանան 1.8 միլիոն անձեր այս պատճառով:
Մարմինի եւ միջավայրի մաքրութիւնը ցուցանիշն է մաքուր անհատականութեան, իսկ մարմինի եւ միջավայրի աղտոտութիւնը ցուցանիշն է մարդոց անհոգութեան, վատառողջ անհատականութեան եւ մարմնական ու հոգեկան առողջութեան անտեսումին: Մարդոց արտաքին մաքրութիւնը կը ցոլացնէ անոնց ներքին մաքրութիւնը, հոգիի մաքրութիւնը:
Ինչպէս բոլորս կ՛ուզենք մեր մարմինը մաքուր պահել, նոյն հասկացողութեամբ մեր միջավայրը մաքուր պէտք է պահենք: Մեր մարմինը մաքուր պահելու համար՝ պէտք է յաճախ լոգնալ, լողալէ առաջ եւ ետք պէտք է լոգնալ, ուտելէ առաջ եւ ետք ձեռքերը օճառով եւ ջուրով պէտք է լաւ լուալ:
Աղտոտ դպրոցին, դասարաններուն, ճաշարանին եւ մանաւանդ բաղնիքներուն եւ պէտքարաններուն մէջ մանրէները շուտ կը պազմապատկուին եւ բոյն կը շինեն: Հետեւաբար, հիւանդութիւններ շուտով կը յայտնուին եւ կը փոխանցուին բոլոր աշակերտներուն, նոյնիսկ համաճարակներ կրնան պատահիլ:
Գիտակից աշակերտներ կը գուրգուրան իրենց դպրոցի մաքրութեան: Թուղթի եւ կաւիճի կտորներ եւ այլ տեսակի աղտոտ իրեր գետին չեն նետեր: Սեղաններուն վրայ դասի վերջաւորութեան գիրք, տետրակ, մատիտ, պայուսակ չեն ձգեր: Սեղաններուն եւ աթոռներուն վրայ չեն գրեր եւ չեն գծեր: Դպրոցին ֆիզիքական վնաս չեն հասցներ: Գետին նետուած թուղթ, կաւիճ եւ աղտոտ առարկաներ կը վերցնեն ու աղբամանին մէջ կը զետեղեն: Դասապահի վերջաւորութեան գրատախտակը կը մաքրեն, դասարանին մէջ կոկիկ ձեւով կը շարեն սեղանները եւ աթոռները: Բաղնիքը գործածելէ ետք անպայման ջուր կը հոսեցնեն եւ ձեռքերը ջուր-օճառով կը լուան եւ մաքրութեան թուղթը գետինը չեն նետեր:
Մաքուր դպրոց մը, իր մաքուր դասարաններով, բաղնիքներով, ճաշարաններով եւ սրահներով, կը նպաստէ ուսուցիչներուն՝ աւելի կեդրոնացած աշխատանքին եւ աշակերտներուն՝ առաւել յաջողութեան:
Աշխարհի չորս ծագերուն կան կրթական հաստատութիւններ, ուր աշակերտները տարին երկու անգամ դպրոցի ընդհանուր մաքրութեան կը մասնակցին: Իսկ Ճափոնի մէջ, բոլոր դպրոցներուն մաքրութիւնը պատասխանատուութիւնն է աշակերտներուն եւ ուսանողներուն: Անոնք զանազան միջոցառումներով դպրոցը մաքուր կը պահեն, այսինքն՝ գետինը կ՛աւլեն եւ խոնաւ լաթով կը սրբեն, պատուհաններուն փոշին կ՛առնեն, ապակիները կը սրբեն, բաղնիքները եւ լուացարանները կը մաքրեն, ճաշարանին մէջ կերակուր կը բաժնեն, ուտելէ ետք պնակները եւ գաւաթները կը հաւաքեն: Տեսնուած է, որ այս դպրոցներու աշակերտներուն մօտ կը զարգանայ մաքրութեան սկզբունքները, կարեւորութիւնը եւ զգացումը, ինչպէս նաեւ խմբային աշխատանքի հասկացողութիւնը ու անհատական եւ հաւաքական պատասխանատւութեան զգացումը: Այս աշակերտները ապագային կը դառնան գործօն անդամներ ընկերութեան մէջ:
(Շար. 2)