«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Թուրքիոյ մէջ վատութեան նոր մրցանիշ մը հաստատուեցաւ: «Ակօս» թերթը «Կրօնաբարոյական Զեղծարարութիւն» վերնագրուած տեղեկագրութեամբ մը հաղորդեց, թէ Շաբաթ, «11 Մայիսի երեկոյեան թրքական իշխանամէտ «ԱԹՎ» հեռատեսիլի կայանը ուղիղ եթերով սփռած է հայ պատանիի մը կրօնափոխութեան մասին զգայացունց հաղորդում մը: Հաղորդավարն էր յատկապէս Ռամազանի օրերուն ըրած հաղորդումներով աստղաբաշխական գումարներ դիզած աստուածաբան Նիհատ Հաթիպօղլու: Հաթիպօղլու ուղիղ եթերով խոստովանեցուց անչափահաս պատանին եւ հպարտութեամբ յայտարարեց, թէ ան իսլամը ընդունած է: Խիստ վիճայարոյց այս լուրը խոր ընդվզում պատճառեց հաղորդումը դիտողներուն մօտ: Նախ եւ առաջ երախայի մայրը հերքեց հեռուստակայանի պնդումները, ըստ որուն ան յօժարած է տղուն կրօնափոխ ըլլալուն:
Միւս կողմէ ՀՏՓի պատգամաւոր Կարօ Փայլան արդէն իսկ շարժման անցած է այս ոտնձգութեան դէմ եւ դատարան դիմած երախային եւ մօրը իրաւունքները պաշտպանելու համար:
Ողջունելի է, որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանն ալ բողոքած է այս անմարդկային արարքին դէմ, որ անչափահաս պատանիի մը միամտութիւնը կը չարաշահէ պետական յատուկ քաղաքականութիւն մը քարոզելու համար:
Յստակ է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները սկսած են լրջօրէն մտահոգուելու բռնագրաւուած հայկական հողերու բնակչութեան մէջ հետզհետէ աւելի գետին գտնող ինքնութեան փնտռտուքով ու ազգային արմատներուն վերադառնալու միտումներով: Ասիկա էրտողանական բիրտ պատասխանն է այս երեւոյթին, որ կը դրսեւորուի հայ երեխայ մը կրօնափոխ ընելու նենգութեամբ:
Մեր ալ պարտքն է միջազգային հանրութիւնը լայնօրէն իրազեկել մարդկային իրաւուննքերու կոպիտ ոտնահարման այս նորագոյն փաստին մասին: