ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնակատար Վալերի Սեմերիքով Հինգշաբթի, 16 Մայիսին յայտարարեց, որ ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղարի նշանակման հարցը պիտի որոշուի 22 Մայիսին:
«22 Մայիսին ՀԱՊԿի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ որոշում պիտի տրուի Պելոռուսի ներկայացուցչին՝ 1 Յունուարի 2020ին նշանակման վերաբերեալ (ՀԱՊԿի երկիրներու ղեկավարներուն զեկոյց ներկայացնելու համար), ինչպէս նախատեսուած է Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշումով», ըսաւ Սեմերիքով:
Ան նշեց, որ 1 Յունուար 2020էն սկսեալ, գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը պիտի անցնի Պելոռուսին:
«Այդ պաշտօնը պէտք է զբաղեցնէր Հայաստանի ներկայացուցիչը, սակայն պարտաւորեցնող պարագայի բերումով, գլխաւոր քարտուղարի նշանակման հարցը պիտի որոշուի 22 Մայիսին», յայտարարեց Սեմերիքով: