ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանի 34 տարիներու փառաւոր երթը գեղեցկօրէն տօնուեցաւ Կլենտէյլի «Իմբրէշըն» սրահին մէջ, 4 Մայիսին տեղի ունեցած մեծ ճաշկերոյթ-հանդիսութեամբ մը:
Երեկոյթը կը վայելէր Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի օրհնաբեր ներկայութիւնը. ներկայ էր նաեւ Հայ կաթողիկէ Թագուհի Մարտիրոսաց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Արմենակ Պետրոսեան, վարժարանիս տնօրէնուհի քոյր Լուսիան, նաեւ քոյրեր՝ Ակուլինէ Թէրզեան եւ Յովաննա Արոյեան, պետական յարգելի անձնաւորութիւններ, ծնողներ, շրջանաւարտ ծնողներ, բարերարներ, հիւրեր, ուսուցչական կազմ եւ շրջանաւարտ ու ներկայ աշակերտներ:
Երեկոյթը ունէր յատուկ կազմակերպիչ յանձնախումբ մը՝ բաղկացած ծնողներէ, անձնակազմի անդամներէ, որոնք գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի քոյր Լուսիայի՝ իրենց կարելին չզլացան կազմակերպելու եւ իրագործելու կատարեալ ու գեղեցիկ հաւաքոյթ մը:
Վարժարանի անձնակազմէն Արմինէ Շէրիկեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց Միքայէլ եպս. Մուրատեանը՝ իր սրտի խօսքը տալու։ Գերապայծառը իր հայրական յորդորներով ու բարեմաղթութեամբ բարի երթ մաղթեց 34ամեայ երիտասարդ Հայ Քոյրերու վարժարանին, շնորհակալութեան եւ քաջալերական խօսք ուղղեց ծնողներուն, աշակերնտերուն եւ ուսուցիչներուն, ապա ներկաները յոտնկայս միացան առաջնորդին կողմէ սեղաններու օրհնութեան եւ խմբային Տէրունական աղօթքով ճաշկերոյթը պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցաւ:
Ապա տնօրէնուհի քոյր Լուսիան օրուան պատշաճ խօսքով իր գոհունակութիւնը եւ հրճուանքը արտայայտեց այս գեղեցիկ եւ մտերմիկ հաւաքին համար, որ խրախուսիչ է եւ նոյն ժամանակ կը ներկայանայ՝ իբրեւ գրաւականը Հայ Քոյրերու վարժարանի անխափան եւ հաստատ քայլերով ընթացող յաղթական երթին: Իր խօսքին աւարտին, տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպող յանձնախումբի իւրաքանչիւր անդամին, ներկայ բոլոր ծնողներուն եւ բոլոր նուիրատուներուն, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին վարժարանիս, հաւատալով անոր սուրբ առաքելութեան՝ դաստիարակել հայ մանուկը եւ պատանին քրիստոնէական ու հայեցի կրթութեամբ:
Շարունակաբար արտասանուեցան պաշտօնական խօսքեր։ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանին փոխարինեց եղբայրը՝ տոքթ. Րաֆֆի Նաճարեան, որ դրուատելով վարժարանի կրթական մակարդակը եւ տիրող մթնոլորտը, տուաւ օրինակներ վարժարանէս շրջանաւարտ յաջողակ աշակերտներու նուաճումներէն եւ հպարտութեան զգացում տուող դիրքերու հասած անուններ։ Ապա, ան տնօրէնուհիին ներկայացուց քաղաքապետարանին կողմէ վարժարանիս ներկայացուած գնահատագիրը, որուն մէջ ուշագրաւ էր նշումը, թէ 4 Մայիսը կը նշանակուի՝ իբրեւ «Հայ Քոյրերու Վարժարանի Օր»:
Երեկոյին պաշտօնական խօսքերը վերջ գտան վարժարանիս խորհրդատու մարմինի ատենապետ Ալեք Բագարեանի խօսքով. ան խորհրդատու մարմինի անդամները ծանօթացնելէ ետք, իր խօսքին մէջ շեշտեց երախտագիտութիւն՝ հանդէպ ծնողներուն, դպրոցին հանդէպ անոնց տածած վստահութեան համար։ Ան նաեւ յատուկ երախտագիտութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին, անձնակազմին, որոնց անխոնջ աշխատանքին հանդէպ ունեցած հաւատքին արգասիքն է վարժարանի նուաճումները: Ապա ան ամփոփ տեղեկագիր մը ներկայացուց վարժարանին մէջ տեղի ունեցած շինարարական եւ ապահովական բոլոր իրագործումներուն, ինչպէս նաեւ ապագայ ծրագիրներուն մասին։
Պաշտօնական խօսքերու աւարտին, ներկաները ոգեւորեց «Տի. Ճէյ.» Յակոբը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց, զանոնք հրաւիրելով բեմահարթակ, մինչեւ գիշերուան երկար ժամերը պահելով:
Գոհունակութիւնը ամէնուր էր, բոլորը ուրախ էին, ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուած էր. նպատակը՝ իբրեւ Հայ Քոյրերու վարժարանի մեծ ընտանիք, հաւաքական երթին ու յաղթանակին տօնակատարութիւնն էր, որուն զուգահեռ նաեւ տնտեսապէս նեցուկ կանգնիլն էր այս հայ կրթօճախին, որ 34ամեայ լուռ եւ հաւատաւոր երթով իր ներդրումը ունեցաւ Քալիֆորնիոյ հայ գաղութին մէջ: