Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը բացուեցաւ Ուրբաթ, 3 Մայիսի յետմիջօրէին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի եւ մասնակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեանի, հոգեւորականաց դասու Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամներու, Ազգային Երերեսփոխանական կազմի մեծամասնութեան, ինչպէս նաեւ Գործակից միութիւններու եւ ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց կազմերէն հրաւիրեալներու:
Բացման աղօթքէն ետք, առաջնորդ սրբազանը ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին Հայրապետական ողջոյնի խօսքը: Վեհափառը իր խօսքին մէջ գնահատանք կ՛արձանագրէր առաջնորդ սրբազանին եւ ժողովականութեան տարած աշխատանքներուն, կը շեշտէր հաւաքական աշխատանքին կարեւորութիւնը եւ յաջողութիւն կը մաղթէր ժողովի աշխատանքներուն:
Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը փոխանցեց իր խօսքը: Ողջունելէ ետք բոլոր ժողովականները, ան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ Ազգային առաջնորդարանին եւ թեմին աշխատանքներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց այն առաջադրանքները, որոնք կը կարօտին երախտաշատ ճիգերու աւելի եւս լարումի:
Երկօրեայ նստաշրջանը Ուրբաթ 3 եւ Շաբաթ 4 Մայիսին, իր չորս օրակարգերով քննեց առաջնորդին, Կրօնական ժողովին, Ազգային վարչութեան եւ ընդհանրապէս Ազգային առաջնորդարանի գործունէութիւնը եւ տեսլականը յառաջիկայ տարիներուն: Մեկնելով տեղեկագիրներէն եւ զեկուցումներէն, ու յետ ըստ էութեան քննարկման եւ եզրակացութեան՝ Ժողովը «յոյժ գնահատելի» բանաձեւը որդեգրեց տարուած բազմաճիւղ իրագործումներուն մասին:
Վերջին օրակարգի կէտով, ժողովը անցաւ Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան 2019-2020 տարեշրջանի նոր կազմերու ընտրութեան օրակարգին:
Կրօնական Ժողովի անդամ ընտրուեցան հետեւեալ հոգեւորականները. Գեղարդ Ծ. վրդ. Քիւսպէկեան՝ ատենապետ, Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեան՝ քարտուղար եւ Վարդան վրդ. Թաշճեան:
Իսկ Ազգային վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալները. Համբիկ Գարայեան՝ ատենապետ, Լեւոն Պէնկեան՝ ատենադպիր, Աննա Պուլկարեան՝ գանձապահ, Թալին Ապրագեան, Արփի Աշքարեան, Յակոբ Ճանպազեան, Օսիկ Մխսիարթինեան, Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Վարդավառ Փանոսեան՝ խորհրդականներ:
Նստաշրջանի փակման խօսքը արտասանեց առաջնորդը:
Նստաշրջանը փակուեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով: