ԵՐԵՒԱՆ.- Նոր Նորքը կեդրոնին կապող ճոպանուղիի եւ մեթրոյի նոր կայարանի շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին 2020ին: Այս մասին յայտարարեց Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեան Չորեքշաբթի, 15 Մայիսին իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Գլխաւոր ճարտարապետը խօսեցաւ մեթրոյի նոր կայարանին մասին նշելով, որ կարելիութիւնը չունին ծրագիրը իրագործելու պետութեան միջոցներով: Մինչեւ Յունուար պիտի կատարուին նախագծային աշխատանքները, իսկ անկէ ետք շինարարական աշխատանքները:
Մեսչեան լրագրողներուն յայտնեց, որ այս ծրագիրները իրականացնելու համար արդէն կան ներդրողներ: