ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ուրբաթ, 10 Մայիսին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Սփիւռքի փոխնախարար Բաբկէն Տէր Գրիգորեանի հետ՝ անոր խնդրանքով:
Հանդիպման մասնակցեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամներ Արծուիկ Մինասեան, Լիլիթ Գալստեան եւ ՀՅԴ ՄՈՀ (կամ ՄՈՅ՝ Մասնագիտական ոլորտային յանձնախմբերի) գրասենեակի պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան:
ՀՅԴ ներկայացուցիչները իրենց ափսոսանքը եւ սկզբունքային անհամաձայնութիւնը յայտնեցին կառավարութեան նոր կառուցուածքին նկատմամբ՝ դարձեալ շեշտելով եւ ներկայացնելով նախապէս հրապարակայնացուած իրենց մօտեցումները եւ տեսլականը:
Յատկապէս շեշտուեցան քաղաքական, իրաւական եւ բարոյահոգեբանական այն մարտահրաւէրներն ու խոչընդոտները, որոնք անարդիւնաւէտ պիտի դարձնեն սփիւռքի նախարարութեան փոխարէն վարչապետի աշխատակազմին մէջ ստեղծուելիք Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի գործունէութիւնը:
Սփիւռքի փոխնախարար Բաբկէն Տէր Գրիգորեան ներկայացուց տակաւին տեսլականի փուլին մէջ գտնուող իրենց պատկերացումները ապագայ կառոյցին վերաբերեալ:
Վարչապետը «դուխով» որոշեց լուծարել Սփիւռքի Նախարարութիւնը եւ վարչապետին ափին մէջ գտնուող Ազգային Ժողովը «դուխով» վաւերացուց այդ որոշումը. այլեւս ի՞նչ օգուտ ունի այդ մասին խօսիլը ա՛յս իշխանութիւններուն հետ: Քիչ մը եւս համբերութիւն…: