ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Համազգային մշակութային միութեան Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին՝ «Խրիմեան Հայրիկ»ի բացառիկ ու աննախադէպ ներկայացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 28 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, բազմատաղանդ թատերագիր, արուեստագէտ, հեղինակ, մենակատար եւ բեմադրիչ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի կատարումով:
Հանդիսութեան ներկայ էին շուրջ 300 արուեստասէրներ, որոնք եկած էին ըմբոշխնելու եւ վայելելու մեր պատմութեան եզակի դէմքերէն, մեր կաթողիկոսներու շարքին ամենատառապած եւ չարչարուած ու եզակի դէմքերէն մին եւ հայ ժողովուրդի պատմական «Երկաթէ Շերեփ»ի մասին խօսած, անմոռանալի Հայրիկին՝ Մկրտիչ Խրիմեան Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին մասին ներկայացումը:
Բարի գալուստի հանդիսութեան խօսքը կատարեց հանդիսավարուհի եւ շրջանիս Համազգայինի «Աղբալեան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Ռուբինա Գասպարեան: Ան նախ հակիրճ խօսքերով ներկայացուց դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի կենսագրական գիծերը, ապա անդրադարձաւ Խրիմեան Հայրիկի կեանքին ու գործունէութեան:
Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան ծնած է Իրաք. նախնական ուսումը ստացած է Մարկիլի Հայ Ազգային վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է պետական երկրորդական վարժարանը: Աւարտելէ ետք Պաղտատի գիտութեանց քոլեճը, 1962ին եկած է Ամերիկա, ուր ան ստացած է Մագիստրոսի եւ դոկտորայի վկայականները: Ան 1967ին հիմնադրած է «Մասիս» թատերախումբը, որ հետագային վերակոչուած է Համազգայինի թատերախումբ: 2005ին ան կը հիմնադրէ Նիւ Ճըրզիի Համազգայինի Պատանեկան թատերախումբը: Մարգարեան 1985-1995ին վարած է «Վարագ» պարբերաթերթի խմբագիրի պաշտօնը եւ 2006էն ի վեր անդամ է Համազգայինի «Բագին» պարբերաթերթի խմբագրական կազմին: 1967էն ի վեր ան ղեկավարն է Համազգայինի Նիւ Եորքի թատերախումբին: Մարգարեան հեղինակն է 27 թատերախաղերու, իսկ որպէս դերասան կատարած է 55 տիպարներու դերեր։ 2006ին Գրողներու միութեան հրաւէրով, ան կը խմբագրէ «Հայաստանի Թատերագիրներ» անգլերէն գիրքը: Ան իր թատերախաղերը ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Հայաստանի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Յունաստանի եւ Անգլիոյ մէջ:
Ալեհեր Խրիմեան Հայրիկը, վեղարը գլխուն, եւ Ամենայն Հայոց վեհափառին խաչը վեղարին վրայ, դանդաղաքայլ, կաթողիկոսական փայտեայ գաւազանը ձեռքին, յամրաքայլ դուրս կու գայ վեհարանէն, հանդիպելու իր սիրելի հօտին հետ, զեկուցելու, լսելու իրենց ցաւերը ու բացատրելու այդ օրերու իր ֆիզիքական դժուարութիւններն ու Էջմիածինի վանքէն դուրս գալու դժուարութիւնները, ու վանքին մէջ հանդիպումներ ունենալու կարեւորութիւնը:
Այսպիսով սկսաւ հանդիսութիւնը, 28 Ապրիլի երեկոյեան:
«Ողջոյն հոգեւոր եղբայր, հայոց ժողովուրդ. այսօր Սեպտեմբեր 20, 1907։ Այս վիճակով իմ հօտին, ձեզի այցելեցի այսօր, լսելու ձեզ, ձեր հարցերը։
– Ըսէ ինծի ով երիտասարդ ո՞ւր ծնած ես.
– Ուրֆա.
– Օ՛, Ուրֆայի հերոսամարտը. այո կը յիշեմ խեղճ Ուրֆան:
– Տիկին, դուք ո՞ր շրջանէն եկած էք.
– Ատանա.
– Թէ ինչպէ՞ս չյիշեմ Ատանայի ջարդը, հազարաւոր ատանացի զոհերը.
– Հայրենակից դուն ուրկէ՞ կու գաս.
– Վանէն.
– Ախ Վանէն, Վանէն, իմ ծննդավայրէն։ Իմ կեանքիս կարեւոր մասը եղած եմ Վան, Մուշ, Պիթլիս»։
Առիթը ներկայացաւ նաեւ նստողներուն հարցումներ ուղղելու. ես ալ, իբրեւ հպարտ սիսեցի՝ ըսի. «Ես ալ սիսեցի եմ վեհափառ տէր», որուն ան պատասխանեց. «Օ՛, Սիս. անշուշտ Սիս, մեր արքայանիստ ու կաթողիկոսանիստ քաղաքը, ուր ես ալ գործունէութեանս կարեւոր մէկ մասը հոն անցուցած եմ»:
Ապա Խրիմեան Հայրիկ, շարունակելով պատմել իր պատանեկան ու երիտասարդական տարիներու մասին՝ ըսաւ. «Ծնած եմ Վան 1820ին։ Ես հայրս չեմ տեսած, իմ պատանեկան շրջանիս հոգատարս եղած է Խաչատուր հօրեղբայրս, որուն խրախուսանքով եւ օգնութեամբ կրցայ ուսանիլ»:
Մկրտիչը 26 տարեկանին օր մը տուն կու գայ ու կը տեսնէ, որ մայրը անհանգիստ է եւ փափաք կը յայտնէ թոռ մը ունենալու։ Մկրտիչը կը պատասխանէ, թէ հօրեղբայրը թոռներ ունի, այդ չի բաւե՞ր։ «Չէ բալէս, չէ. դուն չես հասկնար զիս. ես կ՛ուզեմ քեզմէ թոռներ ունենամ. մի շատ անուշիկ աղջիկ կը ճանչնամ, կ՛ուզեմ անկէ թոռներ ունենամ», կ՛ըսէ մայրը, որուն մղումով երիտասարդ Մկրտիչը 1847ին կ՛ամուսնանայ իր մօր գտած աղջկան հետ ու անոնք կը բախտաւորուին անուշիկ աղջիկով մը, զոր կ՛անուանեն Թագուհի:
Անսահման կ՛ըլլայ Խրիմեան Հայրիկի վայելած ժողովրդականութիւնը ամբողջ հայութեան մօտ եւ երբ 1869ին, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան նոր գահակալ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւն կ՛ըլլայ, ժողովրդային բուռն ու միահամուռ պահանջով Խրիմեան Հայրիկը կ՛ընտրուի պատրիարք: Այնքան մեծ էին հայրիկին հետ կապուած յոյսերը, որ Պետրոս Դուրեան, այն ատեն տակաւին պատանի, բանաստեղծութիւն մը գրած է Հայրիկի ընտրութեան մասին՝ ըսելով.
«Ով է որ կու գայ,
թագաւո՞ր մը, ո՛չ.
Սեւ սքեմ մը ուսին
Հայոց հայրիկն է որ կու գայ»:
1878ին, երբ Պերլինի վեհաժողովին հայկական պատուիրակութիւն մը ղրկելու հնարաւորութիւնը կը ստեղծուի, Խրիմեան Հայրիկ կը նշանակուի պատուիրակութեան նախագահ: Պերլինի մէջ, Խրիմեան Հայրիկը արժանաւորապէս կը ներկայացնէ հայկական նահանգներու ինքնավարութեան պահանջները, սակայն այդ առաքելութեան ապարդիւն վախճանը ծանօթ է բոլորիս:
Պերլինի վեհաժողովէն իր վերադարձին, Հայրիկը կ՛արտասանէ իր անմոռանալի ու պատմական քարոզը՝ հայ ժողովուրդին պատգամելով, որ առանց «Երկաթէ շերեփ»ով խորհրդանշուող զինեալ պայքարի կարելի չէ տիրանալ արդարութեան:
Խրիմեան Հայրիկ կոչ կ՛ընէր աւելի ուշադրութիւն դարձնել գաւառահայութեան զարգացման եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ զարկ տալու լուսաւորութեան: Հայրիկը նաեւ պատգամեց՝ ըսելով. «Ժողովուրդ հայոց, անշուշտ լաւ հասկցաք, թէ զէնքը ի՛նչ կրնար գործել եւ կը գործէ: Ուրեմն, սիրելի եւ օրհնեալ հայաստանցիներ, գաւառցիներ, երբ հայաստան վերադառնալու ըլլաք, ձեր բարեկամներուն, ձեր ազգականներուն որպէս նուէր մէյմէկ զէնք բերէք, զէնք բերէք եւ դարձեալ զէնք»։
Մինչեւ իր վերջին շունչը՝ Խրիմեան Հայրիկ ամուր կանգնեցաւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր առաջնորդի իր բարձրութեան վրայ:
10 Նոյեմբեր 1907ին, ան աւանդեց իր հոգին։ Խրիմեան Հայրիկ վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի միտքին ու սիրտին մէջ անզուգական իր բարձունքը նուաճած: Հայրիկի աճիւնը մնայուն դամբարանը ունեցաւ Ս. Էջմիածնի Մայր տաճարի մուտքին:
Ներկայացման աւարտին, գնահատական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան. ան մեծապէս գնահատեց բեմադրիչ եւ դերասան դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի մասնագիտական ելոյթը՝ ներկայացնելու մեր մեծանուն Խրիմեան Հայրիկի կեանքն ու տասնամեակներու վրայ երկարաձգուող եկեղեցական ու հայրենասիրական գործունէութիւնը:
Ապա հայր սուրբին օրհնութեամբ եւ «Պահպանիչ»ով փակուեցաւ երեկոն: