«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Մեր լաւագոյն զաւակներուն արիւնով, զոհաբերութեամբ ու նուիրումով ստեղծուած Արցախի անկախ պետականութեան հանդէպ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը չի կրնար ընդունիլ, հանդուրժել զիջումի նուազագոյն իսկ տրամադրութիւն:
Դաշնակցութիւնը իր ազգային էութեան դաւաճանած կ՛ըլլայ, եթէ չմերժէ պարտուողական ու զիջողական տրամադրութիւնները, ինչ ձեւով ու ինչ մակարդակով ալ արտայայտուին անոնք:
Իշխանական օղակներէ դուրս եկած Արցախի ինքնորշման իրաւունքի պաշտպանութեան հանդէպ վճռականութեան պակասն իսկ, եթէ եւ երբ նման դիրքորոշում դրսեւորուի, մենք կը նկատենք դաւաճանութիւն:
Արցախի հարցով ամէնէն վտանգաւոր սպառնալիքը կը նկատենք եւ իբրեւ այդպիսին՝ խստօրէն կը դատապարտենք Հայաստանի ժողովուրդին մօտ Արցախի պաշտպանութեան հանդէպ նուազագոյն տատամսում սերմանող ուղղակի կամ անուղղակի քարոզչութիւն: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու քօղին տակ յայտարարութիւններն ու սպասուող գործողութիւնները մեր համազգային ամրութիւնը քայքայել փորձող դաւադրութիւն կը նկատենք:
Կ՛ողջունենք Հայոց բանակը ուժեղացնելու պետական քայլերը ու ամբողջականօրէն թիկունք կը կանգնինք անոնց:
Մեր ամբողջ հնարաւորութիւններով կը սատարենք Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու քաղաքական, դիւանագիտական աշխատանքներուն:
Իբրեւ կուսակցութիւն՝ անցեալին քննադատուած ենք, որ մեր ուշադրութեան կեդրոնը եղած է Արցախը: Չի բացառուիր նաեւ, որ յետագային նոյն քննադատութեան արժանանք: Մենք ճիշդ չենք գտներ այդ քննադատութիւնը: Մեզի համար, Արցախի իսկ սիրոյն՝ ուժեղ եւ բարգաւաճ Հայաստանը նախապայման է: Հետեւաբար, մենք լարուած պիտի աշխատինք մեր երկրի ժողովրդավարական կարգերու ընձեռած ամբողջ կարելիութիւններով, պիտի պայքարինք, ստեղծենք արարենք, գործակցինք, ընդդիմանանք՝ միշտ յանուն հզօր Հայաստանի կերտման:
Մեր հաւատարմութիւնը Արցախին, Հայաստանին, հայ ժողովուրդին, Հայ Դատին՝ անքննելի է. մեր պատրաստակամութիւնը ծառայելու՝ ամբողջական:
Շնորհաւոր Շուշիի ազատագրութեան տօնը: Թո՛ղ այս նշանակալի տարեդարձը մեր ժողովուրդի ազգային իղձերու իրականացման ճանապարհին որակական թռիչքներու անկիւնադարձ ըլլայ, թո՛ղ մեր հոգիները լիցքաւորուին յոյսով եւ հաւատքով՝ հայոց փայլուն ապագային հանդէպ:
To refuse all compromise is to embrace perpetual war. How much blood is going to have to be spilled for you to eventually compromise? When you know, for a fact, that the compromise involves giving up territories that DO NOT BELONG TO YOU. That’s how this conflict will end one day – with Artsakh becoming independent (or united with Armenia), and non-Armenian territories being given back to Azerbaijan. You can either do it earlier, or later. The later you do it, the more people suffer.
Ssdf, these lands always belonged to the Armenians since the beginning of the known history in those areas. Plus, this war was forced upon the Armenians as all wars by Turkey and Azerbaijan; thank God, our unified people won it; so let the perpetrators think about stopping it!
Ssdf, and how did you verify that the “territories (…) DO NOT BELONG TO (ARMENIANS)??
Յարգելի «Ասպարէզ», ո՛չ միայն «Արցախի իսկ սիրոյն՝ ուժեղ եւ բարգաւաճ Հայաստանը նախապայման է», այլե՛ւ փոխադարձն ալ՝ Հայաստանի իսկ սիրոյն՝ ուժեղ եւ բարգաւաճ Արցախն ալ պայման է. ա՛ն Հայաստանի գոյատեւման եւ մեր ժողովուրդին արժանապատւութեան պարիսպն է թուրք-ազերի համաթուրանական, ցեղասպան նպատակին դէմ:
Շնորհաւո՛ր, գերմարդկային այս սխրագործութեան՝ Շուշիի ազատագրումին մեր տօնը:
Ոչ թէ զիջում, այլ՝ զիջումի մասին որեւէ ակնարկութիւն դաւաճանութիւն է Հայ ժողովուրդին հանդէպ: Նման տրամադրութիւն ստեղծող ու քաջալերող անձերն են որ պէտք է «սվաղել պատերին» ու «փռել ասֆալթին»: