24 Ապրիլին, Հայոց Ցեղասպանութեան 104ամեակին առթիւ, Լեհաստանի հայկական շարք մը կազմակերպութիւններ (Հայ-լեհական հասարակական կոմիտէ, Լեհ-հայկական հիմնադրամը, Armenian Foundation, Լեհահայեր հասարակական կազմակերպութիւն), եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ Լեհաստանի քաղաքներէ եկած՝ բողոքի ցոյց կատարեցին Վարշավիայի մէջ, թրքական դեսպանատան դիմաց:
Բողոքի ցոյցը սկսաւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Եուսէֆ Նաումովիչի աղօթքով՝ ննջեցեալներու հոգւոց յիշատակին: Այնուհետեւ, ելոյթ ունեցան Պլոցկի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Հրաչեայ Ղադիմեան, պատմութեան փրոֆեսէօր Քշիշտոֆ Եաբլոնկան եւ Հայ-լեհական հասարակական կոմիտէի նախագահ Հրաչեայ Պօյաճեան: Վերջինս, իր խօսքին մէջ յիշատակեց 2018ի Քրաքովի հայ, քիւրտ եւ լեհ բնակիչներու շրջանին մէջ մեծ աղմուկ բարձրացուցած Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի մտադրութիւնը՝ Քրաքովի մէջ «Թուրք զինուորի» արձանը տեղադրելու:
Հրաչեայ Պօյաճեան դժգոհութիւն յայտնեց, որ Քրաքովի քաղաքապետարանի որոշ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ նախնական համաձայնութիւն տուած էին Էրտողանի առաջարկին, շեշտելով որ Լեհաստանի հայ համայնքը երբեք թոյլ չի տար նման տխրահռչակ նախաձեռնութեան իրականացման եւ կը դատապարտէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վարած ժխտողական քաղաքականութիւնը: