3 Մայիսին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիպում Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Գանատայի դեսպանատան գործակատար Անիք Կուլէի եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան միջեւ:
Հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու եւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման աջակցելու հարցերը: Յանձնախումբը նաեւ շեշտեց Հայաստանի մէջ գանատական դեսպանատան մը հաստատման անհրաժեշտութեան հարցը:
Կուլէ այցելեց նաեւ «Հորիզոն»ի խմբագրատունը եւ ծանօթացաւ «Հորիզոն»ի աշխատանքներուն:
Հանդիպման կը մասնակցէին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վաչէ Շամլեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան, Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեան եւ Գանատայի Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Յակոբեան: