ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած «ԵՄը Հայաստանի համար. տարածքային զարգացում» ֆինանսաւորման համաձայնագիրով եւրոպական կողմը Հայաստանին կը տրամադրէ 31,250 միլիոն եուրօ:
Համաձայնագիրին նպատակն է՝ Հայաստանի հիւսիսային շրջաններուն՝ Շիրակի, Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ ընդհանուր եւ հաւասարակշռուած ներառական աճի իրականացումը‘ խելացի եւ կայուն գիւղատնտեսութեան, նորարարական զբօսաշրջութեան եւ ստեղծագործական արդիւնաբերութեան ճիւղերու խթանման միջոցով: