ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուրբաթ, 3 Մայիսին, նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկի՝ Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեանի, տնօրէնի գիտական հարցերու տեղակալ Կարէն Մաթեւոսեանի, քարտուղար Վահէ Թորոսեանի եւ միջազգային կապերու բաժնի վարիչ Վարդի Քէշիշեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Մատենադարանի հեռանկարային զարգացման եւ միջազգային համագործակցութեան շարք մը հարցեր եւ մասնաւորապէս Մատենադարանի գործունէութեան միջազգայնացման ու տարածաշրջանային նշանակութեան բարձրացման ուղղուած ծրագիրներ: