ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- «Ազատութիւն»ը, «Արմէնփրէս»ը եւ հայկական այլ լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, թէ Միացեալ Նահանգներու մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան իշխանուհի Ռիմա պընթ Պանտար Սէուտ 26 Ապրիլին, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին խոստացած է նիւթապէս աջակցիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու աշխատանքին:
Սակայն, 29 Ապրիլին, Շիֆի գրասենեակէն տեղեկացանք, որ լուրը ամբողջութեամբ շինծու է, իսկ այդ նպատակով կազմուած համացանցային կայքը կապ չունի քոնկրեսականին հետ։
Արդարեւ, գրասնեակին կողմէ կատարուած հետաքննութիւն մը բացայայտած է, որ համացանցային կայքը գնուած է այս տարուան 24 Ապրիլին, իսկ կեղծ լուրը տեղադրուած է 26 Ապրիլին, եւ 29 Ապրիլին կրցած է մեծ թիւով կարդացողներ ներգրաւել։
Յատկանշական է, որ «Ազատութիւն»ը, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ կը հովանաւորուի, լուրը հաղորդած էր առանց ստուգելու անոր վաւերականութիւնը։