Թրքական ոստիկանութիւնը արտօնութիւն չտուաւ Պոլսոյ Սուլթանահմեթ հրապարակին վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման արարողութիւն իրականացնելը: Կը նշուի, որ արարողութիւնը նախաձեռնած էր «Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու ընկերակցութեան» Պոլսոյ մասնաճիւղի ցեղապաշտութեան ու խտրականութեան դէմ յանձնաժողովը: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»ը:
Ոստիկանութիւնը պատճառաբանեց, որ Պոլսոյ իշխանութիւնները չեն արտօնած արարողութեան իրականացումը:
Ձեռնարկին մասնակցելու նպատակով Սուլթանահմեթ հրապարակ եկած էին նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան: Աւելի ուշ, Փայլան արարողութեան մասնակցելու նպատակով Պոլիս եկած Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւորներուն հետ մամլոյ ասուլիս տալու նպատակով հեռացաւ հրապարակէն: Ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ Մարդու իրաւունքներու միութեան շէնքին մէջ:
Թրքական «Evrensel» լրատուական կայքին տուած մեկնաբանութեան մէջ Փայլան յիշեցուց, որ ամէն տարի այդ նոյն հրապարակին վրայ մամլոյ ասուլիս տուած են 24 Ապրիլ 1915ին, հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւններուն ու սպանութիւններուն վերաբերեալ:
«Այս տարի, յիշատակի միջոցառումը արգիլուեցաւ: Ոստիկանութիւնը մեզի տեղեկացուց, որ արգիլուած է: Չկրցանք իրականացնել սահմանադրութեամբ մեզի տրուած մամլոյ ասուլիս իրականացնելու իրաւունքը», ըսաւ Փայլան՝ աւելցնելով, որ Հայոց Ցեղասպնութեան հարցին լուծում չգտնող իշխանութիւնը կը նախընտրէ լռեցնել ու ճնշել հանրութիւնը:
«Բոլոր այն յանցագործութիւնները, որոնց հետ չեն առերեսուիր, կը կրկնուին եւ, դժբախտաբար, այսօր ալ կը տեսնենք այդ յանցագործութիւններուն կրկնութեան հետեւանքները», ըսաւ Փայլան:
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ՆԱՀԱՏԱԿ ԶԻՆՈՒՈՐ ՍԵՒԱԿ ՊԱԼԸՔՃԸՆ
«Մարմարա»ն կը գրէ, թէ 24 Ապրիլին, Պոլսոյ Շիշլի շրջանի գերեզմանատան մէջ յիշատակուեցաւ նահատակ զինուոր Սեւան Պալըքճըն, որ ութ տարի առաջ, զինուորական ծառայութեան ընթացքին՝ 24 Ապրիլին, իր զինակից ընկերոջ զէնքով սպաննուած էր։
Մեծաթիւ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ ոգեկոչման այս արարողութեան։ Ներկայ էր ողբացեալ Սեւակին ծնողքը։ Ներկաներուն մէջ էր նաեւ Սելինա Տողան։