ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Տարիներու աւանդութեան համաձայն՝ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրի առաջարկով, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը այս տարի եւս Ապրիլ ամիսը հռչակեց «Հայոց Պատմութեան Ամիս»:
Այս առիթով, վերահսկիչներու խորհուրդը Ապրիլ ամսուան ընթացքին պատուեց հայորդիներ, որոնք նպաստ բերած են հայութեան ու ամերիկեան հաւաքականութեան:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ու Ազգային վարչութեան առաջարկութեամբ, կլենտէյլաբնակ Պերճ Կարապետեան պատիւի արժանացաւ վերահսկիչներու խորհուրդի 16 Ապրիլի նիստին ընթացքին:
Պերճ Կարապետեան տասնամեակներ շարունակ ծառայած է համայնքին. ամէնէն աւելի նշանակալից է իր դերը՝ իբրեւ Հայ Ամերիկեան թանգարանի գործադիր յանձնախումբի ատենապետ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ եւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ։ Ան նաեւ անդամ է հայկական եւ համայնքային այլ կազմակերպութիւններու: