ԵՐԵՒԱՆ «Երկիր».- Ազատութեան հրապարակէն, Երեքշաբթի, 23 Ապրիլի երեկոյեան սկիզբ առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւններու նախաձեռնած ջահերով երթը:
Նախքան երթին մեկնարկը՝ ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Ղազարեան:
«Այսօր Հայաստանի այլ քաղաքներում եւ Արցախում, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայկական գաղթօջախներում եւս մեկնարկել է ջահերով երթը: Սիրելի՛ երիտասարդներ, ջահերով երթը կը շարունակուի այնքան ժամանակ, քանի դեռ Թուրքիան չի առերեսուել իր պատմական ճշմարտութեան հետ, քանի դեռ մարդկութեան դէմ ծանր յանցագործութիւն կատարած պետութեան իրաւայաջորդը, այսինքն՝ ներկայիս Թուրքիան շարունակում է մերժման եւ ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը: Վստահաբար ասում եմ՝ ձեր երթը պսակուելու է յաղթանակով: Արեւմտեան Հայաստանի ժառանգները կը վերադառնան իրենց օջախները, բայց արդէն՝ տիրոջ կարգավիճակով: Սա է ջահերով երթի վերջնական նպատակը», յայտարարեց Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը:
Այս տարի դաշնակցական երիտասրադներու կողմէ գրեթէ միաժամանակ ջահերթեր տեղի ունեցան Հայաստանի եւ Արցախի 18 տարբեր շրջաններու մէջ, որոնց շարքին՝ Ստեփանակերտի, Սպիտակի, Ճամբարակի, Գիւմրիի, Իջեւանի եւ Վերին Կարմիրաղբիւրի մէջ:
Դաշնակցական երիտասարդները եւ ՀՄԸՄի սկաուտները մէկ ամիս առաջ սկսած էին նախապատրաստուելու այս ձեռնարկին: Ջահերուն վրայ այս տարի փակցուած էին փոքրիկ Եռագոյններ: Այս տարուան կարգախօսն էր՝ «Ամբողջական եւ արդար հատուցում»:
Պահանջատիրութեան ջահակիրները այս տարի եւս առաւել քան 30 մեթր երկարութեամբ դրօշով քալեցին:
Անանկ կերեւի որ արդար պահանջներու ամբողջական ներկայացումի բեռը նորէն մնացած է դաշնակցականներուն պարտքը: Հայաստանի նոր կառավարութիւնն ալ սկսած է բոլիդիք բառերով խօսիլ եւ որոշ բաներ գաղտնի պահել: Մեր ժողովուրդը ասի կը տեսնէ՞ այսօր, եթէ չիտեսնէ, դաշնակցութիւնը պէտք է յիշեցնէ քայլարշաւներէն վերջնալ