ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ կառավարութենէն մեկնաբանութիւն տուած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով վերջին իրադարձութիւններուն մասին ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան, դարձեալ յիշեցնելով «1915ի դէպքերը» ուսումնասիրելու նպատակով՝ «բոլոր արխիւները բանալ»ու առաջարկը:
«Մինչ Հայաստանի մէջ ոչ մէկ թուրք կ՛ապրի, Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը հարցեր չունին: Բազմազգութիւնը Թուրքիոյ ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն է», կը նշուի մեկնաբանութեան մէջ, անտեսելով այն իրողութիւնը, որ ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերուն իրաւունքները շարունակաբար կ՛ոտնակոխուին, այլ նաեւ անոնք կը դիմագրաւեն բազմաթիւ լուրջ վտանգներ:
Թուրքիոյ կառավարութենէն ներկայացուեցան նաեւ այն անհիմն պնդումները, թէ հայկական լոպին եւ Սփիւռքը կը խոչընդոտեն հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման:
«Հայկական լոպիին գործողութիւնները Թուրքիոյ դէմ, նախ վնաս կը հասցնեն հայերու շահերուն, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, որ հայերը Հայաստանի մէջ կ՛ապրին աղքատութեան մէջ: Եթէ հայկական լոպին կը կարծէ, որ արեւմտեան խորհրդարաններու միջոցով կրնայ ճնշում գործադրել Անգարայի վրայ՝ չարաչար կը սխալի», կ՛ըսուի Թուրքիոյ կառավարութեան մեկնաբանութեան մէջ: