Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Փոթորկոտ ծովու կամ յորձանուտ գետի մը ալիքներուն մէջ ինկած նաւ մը բնականաբար կը տարուի այս կամ այն կողմէն հասնող հոսանքներէ, ջրալեռներու հարուածներէն, կամքէն անկախ կը շեղի իր կանխորոշուած ուղիէն, սակայն վարպետ է այն նաւավարը, որ կրնայ կարելիին սահմաններուն մէջ հաշուել արտաքին հոսանքներուն ուժը եւ իր նաւուն ղեկն ու մարմինը դիրքաւորել այնպէս, որ նաւը նախ եւ առաջ շատ չհեռանայ իր ուղիէն, յետոյ, ալիքները մնան ետին ու ճամբորդութիւնը աւելի նպաստաւոր ընթացքով շարունակուի դէպի նպատակադրուած նաւահանգիստը։ Բնականաբար կենսական է, որ նաւապետին հետ նաւուն մէջ գտնուողները՝ նաւազներ, անձնակազմ ու ճամբորդներ, միասնաբար լծուին փրկութեան նոյն պայքարին, խուճապ ստեղծելէ եւ հակոտնեայ ընթացքէ ետ կանգնելով ու ձեռքերը միացուցած՝ յառաջ մղեն նաւը։
Մեր Դատն ալ կը գտնուի նման նաւու մը վիճակին մէջ։ Անիկա յաճախ կ՛իյնայ մեղմ կամ ուժեղ փոթորիկներու ազդեցութեան տակ, քաղաքական կամ ռազմական յորձանուտներ անբաղձալի տատանումներու կ՛ենթարկեն զայն, կը հարկադրեն ակամայ շեղումներ ու դանդաղումներ։ Նման վիճակներու դիմաց, կը ծագի հրամայական մը. գլուխը պահել ամէն տեսակի ալիքէ վեր ու առանց մոլորելու խուսանաւել ու պայքարիլ դէպի անսակարկելի նպատակ։ Նոյնքան կենսական է նաեւ սորվիլ, թէ թաւալող ալիքներն ու անբարեհաճ հոսանքները արդեօք կարելի՞ է ծառայեցնել սեփական նաւը դէպի յառաջ մղելու…
Իսկ երբ կ՛ըսենք «մեր Դատը», ի մտի չունինք միայն վերջին տասնամեակներու՝ Արցախեան շարժումով ու Հայաստանի վերանկախացումով սկիզբ առած վերիվայրումները, այլ աչքի առջեւ ունինք, պէ՛տք է ունենանք անոր ամբողջական պատկերը, այսինքն՝ պատմութեան ու քարտէսին համայնապատկերը, եւ մեր նաւուն ցռուկը ըստ այնմ ուղղենք դէպի արդար լուծում։
***
Վերջին տասնամեակներուն ստեղծուած է, եւ շատ բնականաբար՝ վիճակ, որ Արցախի անվտանգութիւնը, անկախութեան պահպանումն ու վերանկախացած Հայաստանի ապահովութիւնը, բարգաւաճումը դարձած են մեր Դատին գլխաւոր կիզակէտերը, անոնց վրայ կեդրոնացած են մեր պետական իշխանութիւններուն, ժողովուրդին ու համայն հարութեան հայեացքները, ճիգերը, անոր ի սպաս կը դրուին զոհաբերումները։ Տարբեր ալ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ անոնք են մեր այսօրուան հիմնաքարերն ու յենարան-պատերը, որոնց վրայ կը կանգնի մեր Դատին ամբողջական կառոյցը։
Վերաքաղի կարգով արձանագրենք միայն, որ մեր Դատին ամբողջական կառոյցը ունի մօտաւորապէս 150 տարուան պատմութիւն, իսկ անոր աշխարգագրութիւնը կը տարածուի Հայաստանի ու Արցախի ներկայի սահմաններէն շատ անդին, կ՛ընդգրկէ Արեւմտեան Հայաստանը, Կիլիկիան, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի կազմերուն մէջ գտնուող հողատարածքներ. մեր վերջին ակնարկութիւնը չի վերաբերիր միայն Արծուաշէնի, Շահումեանի ու Գետաշէնի նման հողերու, որոնք իրաւատէր հայութենէն խլուեցան 30 տարի առաջ, այլ նաեւ այն տարածքներուն, որոնք մաս կը կազմեն Պատմական Հայաստանին. այն հողերուն՝ որոնք Ցեղասպանութեան ու բռնագաղթերու միջոցով դատարկուեցան հայութենէ եւ դարձան այս կամ այն նորակերտ հանրապետութեան մէկ մասնիկը, մինչեւ իսկ նուէր տրուեցան դրացիներու։ Այդ բոլորին հայութեան վերադարձն ու Հայաստանին վերամիացումը կը մնան հայութեան քաղաքական պայքարի օրակարգին վրայ, կը պահանջեն բազմաճիւղ պայքարի ու հետապնդումի ծրագիր, անկախ այն իրողութենէն, որ պատմութեան այս կամ այն փուլը մեզ հարկադրէ ամբողջութեան այս կամ այն երեսը պահ մը դնել տաք կրակի վրայ, իսկ մէկ այլ երեսը պահել յառաջիկային արծարծելիքներու ու հետապնդելիներու ցանկին վրայ։ Այլ խօսքով, մեր Դատը իր ամբողջական հանգամանքը չի կրնար կորսնցնել, որքան ալ «տարհամոզող» կամ այլուրային դարձնեն միջազգային քաղաքական փոթորիկներն ու հոսանքները։
Սա հրամայական մըն է, որուն պէտք է անդրադառնալ, ականջ տալ եւ ընդառաջ երթալ ո՛չ թէ Ապրիլէ Ապրիլ, այլ մեր իրաւունքներու հետապնդման իւրաքանչիւր քայլափոխին, եթէ պէտք է՝ օրը տասն անգամ…
***
Ներկայ ժամանականերու հարկադրանքներէն մեկնելով, ստիպուած ենք, ինչպէս նշեցինք, առաւելաբար կեդրոնանալու Արցախի ու Հայաստանի վերանկախացած հանրապետութեան վրայ։ Անոնք ահաւասիկ շուջ 30 տարիէ ի վեր կը գտնուին ներքին եռեւեփումներու եւ արտաքին փոթորիկներու բազմուղեշ յորձանքներուն մէջ, որոնք յաճախ մեզ կը դնեն մեր նաւը իր ուղիէն ակամայ, թերեւս անգիտակցաբար շեղելու հարկադրանքին տակ։
Արձանագրենք քանի մը օրինակ։
Արցախեան Պատերազմէն ասդին, Հայաստան կտրեց խաղաղութեան բանակցութիւններու բազմերես դաշտեր։ Բանակցութիւնները տեղի ունեցան ու պիտի շարունակուին այլ ոստաններու մէջ. վերջինը՝ Վիեննայի բանակցութիւնները։ Եւ որովհետեւ մեզ կը շահագրգռէ հայութեան հրամցուած՝ լուծման տարազները, հայցին մօտենանք հայութեան դիտանկիւնէն։ Սեղանի վրայ են Մատրիտեան սկզբունքները, հանգրուանային ու փաթեթային տարբերակներ, իրերայաջորդ փուլերու՝ աշխատանք կը տարուի այս կամ այն ձեւով այլափոխելու կամ բարեփոխելու տարազները։ Նորագոյն վէճը իբրեւ առանցք գտած է բանակցութեանց Արցախի մասնակցութեան պահանջը՝ իբրեւ լիիրաւ կողմի, իբրեւ տագնապին անմիջական առնչակիցի։ Հայկական կողմին համար, Արցախի մասնակցութեան պահանջը նորութիւն չէ, որքան ալ որ նոր հովերը փորձեն այդպէս ներկայացնել զայն. Արցախը ինք էր որ դժգոհութեան ձայն բարձրացուց դեռ 60ականներուն, ինք էր որ ինքնապաշտպանութեան ձեռնարկեց 80ականներու վերջերուն, մերժեց ստալինեան բռնազբօսիկ այն տարազը, թէ ինք պէտք է մաս կազմէ Ատրպէյճանին ու ձեւական ինքնավարութիւն ունենայ անոր մականին տակ, որովհետեւ տասնամեակներ շարունակ իր մորթին վրայ կրած էրնման կեղծիքի հետեւանքները, որոնք փորձած էին զինք իր ինքնութենէն՝ հայկականութենէն ու հայութենէն մեկուսացնել, հեռացնել ու հայաթափել։ Ազատագրական ճակատումները կանխող հանրաքուէներն իսկ պերճախօս քայլեր էին, որ Արցախը ի՛նք տիրութիւն կ՛ընէ իր ճակատագիրին եւ իր խօսքը ունի, պիտի ունենայ իր անոր տնօրինման մէջ, իսկ վախճանական վճռումը չի կրնար մեկնիլ կեղծ տարազներէ ու յանգիլ անարդարութեան շարունակումին։ Անկէ անդին, կան անշուշտ աւելի ընդարձակ օղակները, որոնք պտոյտ կու գան նոյն առանցքին շուրջը. այդ օղակները կը կազմեն Հայաստանն ու աշխարհատարած ամբողջ հայութիւնը, որոնք միաձայն են Արցախի հետ, վճռականապէս կը հաստատեն, որ Արցախը եղած է ու պիտի մնայ հայկական հող, ինք պիտի որոշէ իր ճակատագիրը, պիտի մնայ հայկական, ըլլա՛յ իբրեւ անկախ միաւոր, ըլլա՛յ իրաւականօրէն վերամիանալով Հայաստանին։
Արցախի, հետեւաբար հայութեան այս կեցուածքը հրաւէր է մեզի՝ ողջ հայութեան, որ ժամանակը եկած է «սեղանը շրջելու», մերժելու եւ պատռելու այն տարազները, որոնք որեւէ այլ ուղղութեամբ պիտի փորձեն տանիլ Արցախի Դատը։ Քաղաքական ու ռազմական փոթորիկներ չեն կրնար ու պիտի չկարողանան Արցախի նաւը ուղղորդել այլ կողմ։
***
Մեր վճռակամութիւնը, արդար պահանջատիրութիւնը իբրեւ յենարան ունին պատմական առարկայական իրականութիւններ. փաստօրէն, նոյնինքն արդարութիւնը մեր կողքին է ի սկզբանէ, արժէք մը, շահող խաղաքարտ մը, որ սակարկելի չէ, ո՛չ ալ կրնայ աղօտիլ կամ աղարտիլ քաղաքական, ռազմական, նիւթական կամ այլ փոթորիկներու կամ սպառնալիքներու, զգուշացման հրաւէրներու ազդեցութեան տակ։ Հայութեան, նոյնինքն Արցախի համար ընդունելի չեն այնպիսի տարազներ, որոնք մեր հիմնական իրաւուքներուն իրականացման համար հրապարակ կը նետեն «խաղաղութեան փոխարէն հողային զիջում» կամ նմանօրինակ սնաբանութիւններ։ Արցախն ու Հայաստանը որեւէ մէկէն հող չէ գրաւած, ո՛չ ոք իրաւազրկած է, այլ ընդակառակն, Արցախը կորսնցուցած ու ԱՌՆԵԼԻ՛Ք հողեր ունի, որոնց դիմաց պատրաստ է խաղաղութիւն հաստատելու, խաղաղութիւն պահանջելո՛ւ։ Ազատագրուած ու ազատագրելի հողերը պատմականօրէն հայկական են եղած, անոնք հայկական էին Ատրպէյճան անունով երկիրի մը աշխարհ գալէն շատ առաջ, հետեւաբար, չեն կրնար սակարկութեան դրուիլ այսօր կամ վաղը։ Իսկ մեկնելով այն տուեալէն, որ Արցախի ու Հայաստանի պետական իշխանութիւնները կը մարմնաւորեն այդ հողատարածքներու բնակիչներուն, ինչո՞ւ չէ նաեւ աշխարհատարած ամբողջ հայութեան նոյն կամքը, չեն կրնար բանակցութեան սեղան նստիլ էական իրաւունքներէ ու պահանջներէ զիջում կատարելու տրամաբանութեամբ ու անտրամադրութեամբ։ Փաստօրէն, ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ բանակցային որեւէ տրամաբանութիւն, որ ըստ էութեան սակարկութեան սեղանին կը դնէ հայապատկան հողեր ու հայկական կողմէն կը պահանջէ ԻՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔԷՆ ՈՒ ՀՈՂԷՆ զիջիլ՝ միայն անոնց շուրջ սակարկելով։ Որո՞ւ հողէն կ՛առաջարկեն բաժին հանել հայկական ու ազերիական կողմերուն, երբ խնդրոյ առարկայ հողերը ամբողջութեամբ հայութեան կը պատկանին, հետեւաբար, անոնց շուրջ որեւէ սակարկութիւն կը դառնայ անհիմն ու անարդար։ Այլ խօսքով, յառաջիկայ բանակցութիւնները պէտք է մեկնին այս մօտեցումով ու հայութեան անտեսուած իրաւունքները իրականացնելու մտասեւեռումով, ի հարկին պատմութեան ու արդարութեան դասեր տալով հակառակորդին ու միջնորդներուն։ Իսկ այս նպատակին հասնելու համար, հայութիւնը մերժած է ու կը մերժէ ուժի գործածութեան՝ պատերազմի տրամաբանութիւնը. գոնէ վերջին 30 տարիներու դէպքերը փաստած են, որ հայութիւնը միայն ու միայն ինքնապաշտպանութեան, իր արդար իրաւունքը պաշտպանելու համար զէնքի դիմած է, սկսելով Շուշիի ազատագրումէն, հասնելով 2016ի ապրիլեան ճակատումին ու հասնելով մինչեւ մեր օրերը։
***
Ինչպէս նշեցինք, մեր Դատին այսօրուան կիզակէտը Արցախն է ու Հայաստանի ապահովութիւնը, խաղաղ զարգացումը, սակայն մեր Դատը չէ սահմանափակուած այսքանով, այլ դարաւոր պատմութիւնն ու բազմահանգրուան, բազմերես պայքարը սեւով ճերմակի վրայ արձանագրած են, որ մեր ամբողջական Դատն ալ կը հիմնուի նոյն տրամաբանութեան վրայ, նաւուն ցռուկը ուղղուած է նոյն նպատակակէտին։ Այլ խօսքով, Նախիջեւանի, Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ ու պատմականօրէն հայութեան պատկանող այլ հողամասերը կը մնան մեր պայքարի օրակարգին վրայ, կը սպասեն, որ մեր պետութիւնը, կազմակերպութիւնները, ազգային բոլոր հաստատութիւններն ու ժողովուրդի շերտերը միացեալ ձայնով ճշդեն հետագայ քայլերուն կարգն ու ուղղութիւնը։ Չենք կարծեր, որ հոս աւելի երկար արձանագրութիւն պէտք է պահենք, որովհետեւ պիտի իյնանք կրկնութիւններու փորձութեան մէջ։
***
Մեզ շրջապատող փոթորիկներուն դէմ կանգնելու եւ գլուխները յորձանքներէ վեր պահելու պահանջը մեզ կը դնէ նաեւ այլ մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնց կ՛արժէ ակնարկել հպանցիկ կերպով, մեկնելով այն տեսութենէն, որ ուղիղ գիծէն մինչեւ իսկ մէկ-երկու աստիճանի շեղում՝ երկար տարածութեան վրայ մեր նաւը կրնայ առաջնորդել իսկական նպատակներէն շատ հեռու, անարդար զիջումի տանիլ մեզ։
Վերջին մէկ-երկու տասնամեակներուն, հետզհետէ աւելի ուժեղ կը հնչեն կարգ մը պատմաբաններու եւ քաղաքական մարդոց ձայնը – ներառեալ հայ անհատներու եւ խմբաւորումներու -, թէ՝ եթէ կ՛ուզենք մեր դրացիներուն հետ խաղաղօրէն գոյակցիլ, պէտք է ետ կանգնինք «ծայրայեղական պահանջներէ», ընտրենք փոխադարձ զիջումի ուղին, ժողովրդային մակարդակի վրայ ստեղծենք փոխ-յարաբերութիւններու ոլորտներ ու վերականգնենք բարեկամութեան ու գործակցութեան այն դաշտերը, որոնք կային տագնապալի փուլերէն առաջ։ Մինչեւ իսկ հայ անհատներ կը փորձեն տարածել այն մտածողութիւնը, թէ աշխարհի այժմու դրութեան լոյսին տակ եւ դէպքերու ընթացքը նկատի ունենալով, հայութիւնը պէտք է մտահան ընէ Արեւմտեան Հայաստանի կամ Կիլիկիոյ հողերուն վերատիրանալու ծրագիրները, առաջադրանքները, որովհետեւ այդ բոլորը վեր են մեր ուժերէն, Թուրքիան ալ տրամադիր չէ զիջելու, իսկ անոր դաշնակիցները, արեւելքի մէջ թէ արեւմուտքի՝ չեն ուզեր նեղացնել Օսմանեան բռնապետութեան ժառանգորդ՝ էրտողանեան բռնատիրութիւնը, ու կը յիշեցնեն, թէ անոնք հանդուրժեցին Աթաթիւրքի ու անոր յաջորդներուն՝ էճեւիտներու, էվրէններու եւ էօզալներու բռնատիրական անարդարութիւնները։ Տակաւին, մեղմ ձայներով կը բարձրանան խրատներ, թէ հայկական կողմը՝ մեր ժողովուրդը պէտք է բարեկամութեան ձեռք երկարէ թուրքերուն կամ ազերիներուն, փոխադարձ համակրանքի գետիններ գտնուին ու զարգացուին, մարդասիրական նախաձեռնութիւններու զարկ տրուին։ Որոշ «յառաջխաղացք» արձանագրած է նաեւ այն մտածողութիւնը, թէ իբրեւ սկզբնական քայլ՝ մտածենք հայկական որոշ կալուածներու՝ եկեղեցի, բնակարան կամ այլ սեփականութեանց տիրութիւնը վերահաստատելու միջոցներու մասին. նման մտածողութիւն կ՛անտեսէ այն պարզ ու դաժան իրականութիւնը, որ եթէ հայը այսօր թուրքէն պահանջէ անհատներէ խլուած սեփականութիւններ, նման ընտրանք չ՛ընդգրկեր քաղաքական լայնածիր պահանջը, ըստ որուն, հայը կը պահանջէ իրմէ խլուած հայրենիքը, իր անվիճելի հողերուն վրայ հայկական գերիշխանութեան վերահաստատումը, եւ ոչ թէ սոսկական տուն մը կամ պարտէզ մը։ Ոեւէ հայ կրնայ որեւէ երկրի մէջ տուն-կալուած-գործատեղի ունենալ, սակայն անիկա պիտի մնայ տուեալ երկրին գերիշխանութեան տակ, ենթակայ անոր օրէնքներուն։
Հարց կը ծագի, թէ ինչպիսի՞ տկար ու անհեթեթ հիմերու վրայ կը կառուցուին նման տեսութիւններ։ Արդեօք հայկական կողմը ի՞նք եղած է նախայարձակ, հայկական կո՞ղմը դիմած է ջարդերու, իրաւազրկումի, բռնագրաւումներու եւ միւս կողմին ժառանգութիւնները փճացնելու, որ այսօր, այս կամ այն ձեւով ինքզինք պէտք է ձեւով մը համահաւասար դասէ անոր եւ մղուի դէպի նման տրամաբանութիւն իրականացնող գործնական քայլերու։ Սուլթան Համիտի օրերէն ի վեր, հայկական կողմը մի՛շտ ալ եղած է տարրական իրաւունքներու հետամուտ, սակայն մեր թշնամիները միշտ ալ անտեսած են մեր պահանջները, ցեղասպանութեամբ, փոկրոմներով, բռնագաղթով ու մեր պատմական հողերուն բռնագրաւումով փորձած են լուծել «Հայկական Հարցը»։ Հետեւաբար, ի՛նչ որ ալ ըլլան նման «վարկածներու» հիմերը, ինքզինք ճանչցող եւ իր իրաւուքներուն տիրութեան համար ճամբայ ելած, պայքարող հայուն համար նման ընթացք կը դասուի տրամաբանութեան սահմաններէն դուրս, եւ թող ո՛չ ոք մտածէ, թէ տարրական իրաւունքներու հետամտութիւնը ծայրայեղականութիւն է։
Ու երբ կ՛ըսենք հայութիւնը իրաւունք ունի Արցախի հարցին մասին «սեղանը շրջելու» եւ իր արդար իրաւունքներուն տէր կանգնելու, նոյնը պիտի ըսենք մեր ազգային ու պատմական բոլոր իրաւունքներուն պարագային ալ։ Այս հաստատումը ընելով, չհիմնաւորուած, ցնորական եւ աննախադէպ առաջադրանքներու մասին չենք խօսիր։ Փաստօրէն, հայութիւնը «սեղանը շրջեց» իր ֆետայական շարժումով, «սեղանը շրջեց» Ցեղասպանին դէմ իր կերտած հերոսամարտերով ու մեր ժողովուրդին գոյատեւումը ապահովելով, Սարդարապատով ու Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան արարումով, Ցեղասպանութեան 50ամեակէն ետք ծաւալած քաղաքական եւ ուժական պայքարներով, նոյնինքն Արցախեան Հերոսամարտերով։ Ցեղասպանութեան հետեւանքով մեր կրած ահաւոր վնասներուն ու նահանջներուն դիմաց, վերջին հարիւրամեակին արձանագրած ենք նա՛եւ նուաճումներ ու յառաջխաղացքներ, որոնք իրականացած են առաւելաբար, եթէ ոչ բացարձակապէս մեր սեփական բազուկներով։ Նման ձեռքբերումներ կարելի չէ դնել քաղաքական բախտախաղի կամ անիրաւ սակարկութիւններու սեղանին վրայ։ լուծումները չեն կրնար ըլլալ ի հեճուկս մեր իրաւունքներուն։
Մեր ֆետայիները, նահատակներն ու այսօրուան հերոսները կը սպասեն, որ իրենց խիզախութիւնը մարմնաւորուի ապրող իւրաքանչիւր սերունդի, բայց մանաւանդ արդարութեան ու ժողովուրդի իրաւունքները իրականացնելու դրօշին տակ ճամբայ ելած Հայաստանի մէջ, որպէսզի իրաւատիրական դարաւոր պատնէշին վրայ նոր եւ ամրակուռ քարեր աւելնան։
Անցեալին ունեցած ենք վարպետ նաւավարներ, որոնց կողքին գործած են հաւատարիմ նաւազներ, իսկ ճամբորդները միահամուռ կերպով կանգնած են անոնց կողքին, օգնած են նաւը ճիշդ ճամբու մէջ պահելու։ Այսօր ու վաղը տարբեր չի կրնար ըլլալ, պիտի չըլլայ։
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
ARMENIAN EDUCATIONAL FOUNDATION
Because Education Matters
LEVON TRAVEL
408 E. Broadway
Glendale, CA 91205
818.552.7700
Carlitos Gardel Restaurant
7963 Melrose Ave.,
Los Angeles, CA 90046
323-655-0891
Group Services
Kahren Beniasians
Anahid Zakarian
Greta Kovakian
805 E. Broadway., Suite D, Glendale, CA 91205
818-247-2400
Sarkis Pastry
1111 S. Glendale Ave., Glendale, CA
818-956-6636
1776 E. Washington Blvd., Pasadena, CA
626-398-3999
2424 Ball Rd., Anaheim, CA
714-995-6663