ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բաւարարեց քննիչին կողմէ Հինգշաբթի, 18 Ապրիլին տրուած որոշումը՝ Հայաստանի Պետական վերահսկողական ծառայութեան (ՊՎԾ) ղեկավար Դաւիթ Սանասարեանի պաշտօնավարութիւնը ժամանակաւորապէս կասեցնելու մասին: Այս մասին Ուրբաթ, 19 Ապրիլին, յայտնեց վարչապետի մամլոյ խօսնակ Վլադիմիր Կարապետեան:
«Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յանձնարարել է Պետական վերահսկողական ծառայութեան ղեկավար Դաւիթ Սանասարեանին՝ ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգրքի 152րդ յօդուածի 2րդ մասի համաձայն՝ ապահովել Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) քննչական դեպարտամենտի (բաժանմունքի-Խմբ.) երկրորդ բաժնի պետ, մայոր Ս. Ոսկանեանին 2019 թուականի Ապրիլի 18ի՝ «Մեղադրեալի պաշտօնավարութիւնը ժամանակաւոր դադարեցնելու մասին» որոշման կատարումը», նշեց Կարապետեան:
Կարապետեան նաեւ յայտնեց, որ Դաւիթ Սանասարեան պաշտօնանկ պիտի չըլլայ ՊՎԾ ղեկավարի պաշտօնէն, պարզ այն պատճառով, որ վարչապետը կը յարգէ անմեղութեան կանխավարկածը:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ ՊՎԾ պաշտօնատար անձերու կողմէ պաշտօնական դիրքի լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ ծանր հետեւանքներ յառաջացնելու, խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ փաստաթուղթեր կեղծելու, իրացնելու եւ օգտագործելու դէպքերու առթիւ, 20 Փետրուար 2019ին, ՀՀ ԱԱԾ քննչական բաժանմունքին ձեռք բերած բաւարար ապացոյցներու համակցութեան հիման վրայ 18 Ապրիլ 2019ին Դաւիթ Սանասարեան մեղադրուեցաւ Հայաստանի քրէական օրէնսգրքի 308րդ յօդուածի Ա. մասով:
Իսկ ինչո՞ւ միայն Դաւիթ Սանասարեանի պարագային է որ «վարչապետը կը յարգէ անմեղութեան կանխավարկածը»…: