ՖՐԵԶՆՕ.- Չորեքշաբթի, 1 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Գործարարական կեդրոնի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191), պիտի ներկայացուի «Singing In Exile» («Երգ Աքսորեալ») վաւերագրական ֆիլմը։
Ձեռնարկը մաս կը կազմէ համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի գարնանային ներկայացումներու շարքին։
Նաթալի Ռոզեթիի եւ Թուրի Ֆինոչիարոյի բեմադրած ֆիմը կը հետեւի Փարիզ հաստատուած երաժիշտներ՝ Վըրճինիա եւ Արամ Քերովբեաններու առաջնորդած «Ակն» համոյթին եւ «Թիաթր Զար» թատերական խումբին անդամներուն կողմէ դէպի Պատմական Հայաստան կատարուած շրջապտոյտին իրադարձութեանց։ Շրջապտոյտին մասնակցողները ականատես կը դառնան հայկական մշակութային ժառանգութեան անհետացման։

Մուտքը ազատ է, իսկ ինքնաշարժները կարելի է ձրիաբար շարել թիւ P5 կամ P6 կանգառներուն մէջ, յատուկ գաղտնաթիւ մը ստանալով համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի գրասենեակէն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: