ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Տխրահռչակ Տողու Փերինչէքի ղեկավարած «Թալէաթ Փաշա» յանձնախումբի Եւրոպայի թեւը Շաբաթ, 20 Ապրիլի կէսօրին, Սթրազպուրկի մէջ, Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի (ՄԻԵԱ) շէնքին առջեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող ցոյց մը կը կազմակերպէ:
Թրքական նշեալ յանձնախումբին հրապարակած կոչին մէջ կը կարդանք. «Մաքրո՛ն, կա՛նգ առ, յարգէ՛ օրէնքը: Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի՝ Ապրիլ 24ը ենթադրեալ «Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման օր» հռչակելը կը դատապարտենք մամլոյ զանգուածային յայտարարութեամբ: Մենք Հայոց Ցեղասպանութեան սուտին վերջ տուինք ՄԻԵԱի մէջ: Թոյլ պիտի չտանք, որ թուրք ժողովուրդին դէմ անհիմն նման պնդումները շարունակուին: Ցեղասպանութիւն չգործեցինք, այլ՝ մեր հայրենիքը պաշտպանեցինք: Դրօշակդ ա՛ռ, դո՛ւն ալ եկուր: Տէ՛ր կանգնէ հայրենիքիդ»:
Նշենք, որ այս ցոյցին մասնակցելու համար Եւրոպայի շատ մը անկիւններէն դէպի Սթրազպուրկ հանրակառքերով մեկնումներ կազմակերպուած են: