16 Ապրիլին, Իտալիոյ խորհրդարանի «Սալվատոր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեծ Եղեռն. Հայոց Ցեղասպանութենէն մէկ դար անց» խորագիրով համաժողովը՝ կազմակերպուած խորհրդարանի Իտալիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի անդամներուն կողմէ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Համաժողովին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց պատգամաւորներուն՝ 10 Ապրիլին խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ որոշումին ընդունման համար: Դեսպանը նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային դատապարտման եւ ճանաչման գործընթացը շարունակական է, որ պէտք է լուրջ ազդակ ըլլայ առ այն, որ այդ հարցով ժխտողական կեցուածքը ոչ մէկ ձեւով կը տեղաւորուի 21րդ դարու արժեհամակարգային իրողութիւններուն մէջ: Ան աւելցուց, որ այս քայլով՝ իտալական կողմը վերահաստատեց ՄԱԿի՝ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժի մասին պայմանագիրով ստանձնած իր յանձնառութիւնները եւ պարտաւորութիւնները ու հաւատարմութիւնը համամարդկային արժէքներուն:
Ելոյթներով հանդէս եկան Իտալիոյ քաղաքական, գիտական, մշակութային շրջանակներու շարք մը ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց ելոյթներով ընդգծեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ որոշման ընդունման կարեւորութիւնը Իտալիոյ հասարակական-քաղաքական շրջանակներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկուածութեան բարձրացման եւ ապագային նման յանցագործութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ: