Երկուշաբթի, 8 Ապրիլի երեկոյեան, «Տխրունի» ուսանողական-երիտասարդական միութեան հրաւէրով՝ տեղի ունեցաւ ՍԴՀԿ ՏՈԵՄի եւ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական միութեան երկրորդ հանդիպումը:
Հանդիպման սկիզբը միութիւններու ներկայացուցիչները գնահատեցին այն դրական մթնոլորտը, որ ստեղծուած էր լիբանանահայ երիտասարդութեան մօտ՝ իբրեւ արդիւնք առաջին հանդիպումին: Միութիւններու այս երկրորդ հանդիպումը յատկանշուեցաւ իր հարազատութեամբ եւ մտերմիկ մթնոլորտով:
Մասնակցողները խօսեցան համագործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին: Անոնք լուսարձակի տակ առին հիմնականին մէջ երկու նիւթեր: Այս փուլին երկու միութիւնները միասնաբար պիտի աշխատին իրագործել երկու գլխաւոր աշխատանքներ: Արծարծուեցաւ 19րդ, 20րդ եւ 21րդ դարերու ազատագրական պայքարը, Հայաստանի անկախացումը, խորհրդայնացումը, վերանկախացումը, գաղութներու կազմաւորումը, Արցախի ազատագրումը եւ հիմնահարցը, ինչպէս նաեւ Հայ Դատը հայկական վարժարաններու մէջ աւելի մեծ լուսարձակի տակ դնելու անհրաժեշտութիւնը, որուն հիմամբ որոշուեցաւ հարթակի մը ստեղծման նախագիծը, որ բաղկացած պիտի ըլլայ մասնագէտներէ եւ մանկավարժներէ՝ բարեփոխութեան նախաձեռնութիւններ յառաջացնելու վերոնշեալ ծիրին մէջ: Երկրորդ աշխատանքը պիտի ըլլայ պատրաստութիւնը հրատարակութեան մը, որ պիտի ընդգրկէ զոյգ միութիւններուն երիտասարդութեան գրիչով յօդուածներ:
Առաւել քան երկու ժամուան ընթացքին, մասնակցողները առիթը ունեցան քննարկելու վերոյիշեալ զոյգ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ խօսելու, պատմական գետնի վրայ, ՍԴՀԿի եւ ՀՅԴի տարած աշխատանքներուն մասին: Այս նիւթերուն կողքին, անոնք նաեւ անդրադարձան լիբանանահայ երիտասարդը յուզող տարբեր հարցերու, երկրին տնտեսական-քաղաքական վիճակին եւ այս առումներով ՏՈԵՄի եւ ԶՈՄի աշխատանքներուն: Հանդիպման ընթացքին յատուկ տեղ գտաւ ընկերվարութեան մասին զրոյցը, որուն ընթացքին ընդգծուեցան այն մարտահրաւէրները, որոնք կը խոչընդոտեն ընկերվար գաղափարախօսութեան մակընթացութիւնը քաղաքական աշխարհին մէջ:
Հանդիպումին աւարտին որոշուեցան յառաջիկայ հանդիպումի թուականը եւ մինչ այդ կատարուելիք աշխատանքները: Տխրունի ուսանողական-երիտասարդական միութիւնը եւ Զաւարեան Ուսանողական միութիւնը այս հանդիպումին աւարտին եկան այն եզրակացութեան, թէ երկու միութիւնները կը հաւատան, որ հերթական այս հանդիպումները, անոնց ընդմէջէն բխած առաջարկները եւ ըստ անոնց նախաձեռնուած աշխատանքները պիտի օժանդակեն գաղութի ուժեղացման նպաստող եւ լիբանանահայ երիտասարդութեան համերաշխութիւնը երաշխաւորող աշխատանքին: