
«Հայերն Այսօր»ը կը տեղեկացնէ, թէ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի 14 Ապրիլին այցելեց Ախալքալաքի Ս. Խաչ առաջնորդանիստ եկեղեցի: Այցելութիւնը նախապէս ծրագրուած չէ եղած. նախագահը որոշած է մտնել եկեղեցի՝ իմանալով, որ Հայ առաքելական եկեղեցին կը նշէ Ծաղկազարդը:
Վիրահայոց թեմի Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական նորանշանակ փոխանորդ Մաղաքիա վրդ. Ամիրեան իր խօսքին մէջ գնահատեց նախագահին չնախատեսուած այցելութիւնը՝ շեշտելով, որ անիկա մեծ նշանակութիւն ունի հայ-վրացական եղբայրական յարաբերութիւններուն մէջ:
Այնուհետեւ Սալոմէ Զուրապիշվիլի ուղեւորուեցաւ Նինոծմինտայի պատկանող Փոկա գիւղ: