ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Հայոց լեզուի ծառայասէր երկու բառեր- «քար» եւ «իւղ»: Մեր մայրենիին հարիւրաւոր պատկերաւոր դարձուածքներ եւ թեւաւոր խօսքեր շնորհած երկու առատաձեռն միավանկեր: Սակայն, երբ անոնք կազմեցին «քարիւղ» գոյականը, տարօրինակ երեւոյթ, կարծրացան ու դարձան ժլատ: Օտարացան յանկարծ: Այդ հեղուկը, որ նաեւ լպրծուն էր եւ թթու, իր բառին հետ վիժեցաւ՝ գնաց մեր ձեռքէն:
Հետեւեալը, յարգելի ընթերցող, հայկական «քարիւղ»ի մռայլ պատմութիւնն է: Իսկ զայն պեղելու համար ձեզ պիտի հրաւիրեմ նաւով ուղղութիւն մը վերցնել Պոլիսէն դէպի արեւելք, Պաթում, ապա կայսերական երկաթուղիով հասնիլ Կասպից ծովու Աբշերոն թերակղզին, ուր պիտի տեսնենք, թէ ամէն վաւերաթուղթի ներքոյ «Աստծով» ստորագրող «քարիւղի արքա» Ալեքսանտր Մանթաշեանցը նոր հանքավայրեր յայտնաբերելու համար արշաւի ելած է:
1907 թուականն է: Պոլսոյ նաւահանգիստի Սեւ Ծովեան գիծերու սպասման սրահին յախճապակի պատերն ու սպիտակ կամարները լուսաւորուած են գունաւոր ապակիներէ սուզուող լոյսով: Դահլիճին մէջ նկատելի է նաեւ ճամբորդներու նոր դասակարգ մը. անգլիացի եւ ամերիկացի գործարարներ: Անոնք միջազգային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ են ու հետաքրքրուած են առասպելական հարստութիւն խոստացող սեւ հեղուկով… Քարիւղ:
Նաւը քարիւղի խիտ ծուխ մը արձակելով կը սկսի ընթանալ: Ան նախ պիտի հանդիպի Տրապիզոն, ապա պիտի հասնի Պաթում: Ճամբորդներու յիշեալ ընտրանին կը կարդայ մայրաքաղաքին մէջ հրատարակուած բազմալեզու թերթեր, որոնք ողողուած են զգայացունց լուրով մը. «Մանթաշեանց ընկերութիւնը կը հովանաւորէ աշխարհի ամէնէն երկար քարիւղատարը՝ Պաքու-Պաթում խողովակը»: Այդ օտարները ամէն օր աւելի ու աւելի սկսած են լսել Ալեքսանտր Մանթաշեանցի անունը: Իր կեանքի վեց տասնամեակներու ընթացքին ան յաջողած էր ունենալ աչքառու ձեռքբերումներ. 1907ին իր ընկերութիւնը մեծագոյնն է համայն Ռուսիոյ մէջ, Պաքուի երրորդ ամենամեծ քարիւղ արտադրողն է, արժեթուղթերը կայսերական սակարանի մէջ առուծախի մէջ են, հիմնական բաժնետէրն է Թիֆլիսի Կեդրոնական Առեւտրական Դրամատան, խօսնակն է Թիֆլիսի խորհրդարանին, իւղի եւ վառելանիւթի գործարաններ, ինչպէս նաեւ՝ ներկայացուցչութիւններ ունի Պոլսոյ, Զմիւռնիոյ, Թեսաղոնիկէի, Օտեսայի, Ալեքսանդրիոյ, Գահիրէի, Դամասկոսի, Լոնտոնի, Փարիզի, Պոմպէյի, Ճափոնի եւ Չինաստանի մէջ:
Շոգենաւը կը խարսխէ Պաթում: Ուղեւորներու մեծամասնութիւնը Թիֆլիս կ՛ուղղուի: Կրնայինք կարծել, թէ Մանթաշեանց կը նախընտրէր Թիֆլիսի իր ապարանքի գրասենեակին մէջ մնալ եւ աշխատիլ: Բայց մենք զայն պիտի գտնենք հինգ հարիւր մղոն եւս հարաւ-արեւելք, Պաքու քաղաքի մօտ: Ահա ինքն է, անթացուպը ձեռքին տափաստաններու վրայ կը քալէ ու թաց հողը կը հոտոտայ:
– Պարոն Մանթաշեանց, յարգանքներս:
– Բարեւ ձեզ: Բարի եկած էք Կովկաս… Հետաքրքրուած էք քարիւղո՞վ:
– Բառո՛վ, աւելի շատ:
– Հոտոտեցէ՛ք սա ափ մը հողը: Քարիւղի ծուխ… Գիտէ՞ք, հրամանիս տակ կ՛աշխատին բազմաթիւ երկրաբան եւ հանքաբան երիտասարդներ, սակայն, նախ ե՛ս պէտք է որ շնչեմ հողը, յետոյ կ՛ըսեմ. «Հո՛ս է: Փորեցէ՛ք»: Մեր յաջողութիւնը Աստծով է, միշտ կ՛ըսեմ, Աստծով: Քարիւղը, միեւնոյն ժամանակ յարգելի բարեկամ, վտանգաւոր նիւթ է: Յանկարծ կրնայ բռնկիլ, վերածուիլ բոցի ու իր մէջ առնել նոյնիսկ իր տէրը:
– Մինչդեռ, «քարիւղ» բառը, Պարոն Մանթաշեանց, ձիթենիի ճիւղի չափ խաղաղասէր էր միշտ: Բարդ բառ է, կը հետեւի իր լատիներէն զարմիկին՝ «պետրօլէում»ին. «պետրոս»՝ քար եւ «օլէում»՝ իւղ: Վերջինը ծլած է Միջերկրականի ափերուն, Կրետէ կղզիին վրայ, ուր հինգ-վեց հազար տարի առաջ ընտանի դարձաւ ձիթենին, տեղական անունով «է-րէ-վա», կամ «է-րէ-վօ» -բառ մը, որ ծնունդ տուաւ թէ՛ պտուղի եւ թէ՝ անկէ վազած հիւթի անունին- յունարէն «էլէա», «էլէոն», լատիներէն «oliva», «oleum», ֆրանսերէն «huile», հին ֆրանսերէն «oile», «uile», սպաներէն եւ իտալերէն «olio», անգլերէն «oil», «olive» հայերէն «իւղ», հին հայերէն «եւղ»:
– Կասկած չունիմ, թէ, դասական աշխարհի մէջ իւղը բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններու տնտեսութիւնն էր, հարստութեան աղբիւրը, ինչպէս՝ քարիւղը այսօր…
– Մինչդեռ, հայոց լեզուի մէջ «քարիւղ» բառը յայտնի է իր ժլատութեամբ: Սակաւաթիւ են անկէ ծնունդ առած բառերը եւ արտայայտութիւնները, ուստի կարելի է բոլորը յիշել- քարիւղել, քարիւղիչ, քարիւղի ճգնաժամ, քարիւղի պաշար, քարիւղի մաքսանենգ, քարիւղի հանք, քարիւղի դաշտ, քարիւղի ճարտարարուեստ, քարիւղ արտահանել եւ այն մակդիրը, որ շնորհուած է ձեզի‘ «քարիւղի արքայ»: «Քարիւղ» բառի ամենահին ակնարկութիւններէն մէկը Հայր Մատթէոս վարդապետ Սաղաթիէլեանցի «Համառօտ բնական գիտութիւն» աշխատասիրութեան մէջ կը գտնենք: Գիտնական վարդապետը գրած է. «Ջրին հետ մեքենական զօրութեամբ միացած բոլոր նիւթերուն մէջ ամէնէն զարմանալի է վառելու նիւթերուն խառնուրդը, որն որ քարիւղ ու նաւթ կը կոչուի»: Իսկ Պոլսոյ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի կանոնագրութեան 247րդ յօդուածը կ՛ըսէ. «Լուսաւորութեան համար ընդհանրապէս քարիւղ կը գործածուի. Մառանապետը իւրաքանչիւր ճրագի համար ձմեռը՝ օրական 40 տրամ, աշնան եւ գարնան 30, իսկ ամառը 20 տրամ քարիւղ կը յանձնէ լուսաւորութեան պաշտօնէին»: «Քարիւղ» բառը հայոց մայրենիին տուաւ մէկ ընտիր դարձուածք. «Քարիւղ հոտիլ»: Իմա՞ստն անոր: Արտօնեցէ՛ք, որ Շաւարշ Միսաքեանը պատասխանէ իր «Կտակն ալ Քարիւղ» խմբագրականին մէջ. «Կարդացէք իր (Գալուստ Կիւլպէնկեանի) կտակը, որ քարիւղ կը հոտի: Ուրիշ խօսքով, լպրծուն է եւ թթու»: Բառը, հազուագիւտ բան, գործածութիւն ալ գտաւ բանաստեղծութեան մը մէջ: Եղիշէ Չարենցի «Ազգային երազ»ն էր անիկա.
Եւ մենք հասկացանք, որ մեր դրացին
Քարիւղ է լցնում մեր փոքրիկ կայծին…»:
– Յարգելի բարեկամ, ինծի շնորհուած է նաեւ քաղաքական լաւ հոտառութիւն: Կը վախնամ, թէ քարիւղը պիտի հրահրէ անհամար պատերազմներ: Միակ մաղթանքս է, որ մեր կառուցած քարիւղատար խողովակէն հոսի միայն խաղաղութիւն եւ հարստութիւն:
– Աստծով, Պարոն Մանթաշեանց, Աստծով: