ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Պուրկոսը դարձաւ Սպանիոյ 34րդ քաղաքը, որ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Պուրկոսի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց «Արարատ» հայկական միութեան ներկայացուցած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին միջնորդագիրը, զոր նիստին ներկայացուցած էր միութեան անդամ Վահէ Պապեան:
Միջնորդագիրին հիման վրայ աւագանիի 4 կուսակցութիւնները հրապարակեցին համատեղ յայտարարագիր մը, որուն միջոցաւ կը դատապարտեն Ցեղասպանութիւնը իրականացնողները եւ կը յորդորեն Թուրքիոյ եւ Սպանիոյ՝ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, «Շանթ Նի-ուզ»ին յայտնեց «Արարատ» միութեան նախագահ Արարատ Ղուկասեան:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած 34 քաղաքներէն 7ն, որոնց մէջ Պուրկոս, շրջանի կեդրոններ են, իսկ երկուքը՝ Վալենսիան եւ Մերիտան, մարզային կեդրոններ:
Սպանիոյ 5 մարզեր՝ Պասքերու երկիր, Քաթալոնիա, Պալեարներ, Նաւար եւ Արակոն, արդէն ճանցած են Ցեղասպանութիւնը եւ յորդորած կեդրոնական իշխանութեան՝ հետեւիլ իրենց քայլին: