ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Խարբերդի (այժմ՝ Էլազըղի) պատմական Ս. Գէորգ վանքը, որ տասնամեակներէ ի վեր լքուած վիճակի մէջ կը գտնուի, այժմ ամբողջութեամբ քանդուելու վտանգը կը դիմագրաւէ։
Ս. Գէորգ վանքը, որ կը գտնուի Խարբերդի Շահինկէօզ շրջանի սահմաններուն մէջ, կառուցուած է վեցերորդ դարուն։ Անիկա կը գտնուի Խարբերդի քաղաքապետութեան վերահսկողութեան տակ, սակայն բնութեան աւերներուն դէմ պայքարելու կողքին, կը դիմագրաւէ նաեւ գանձախոյզներու բերած վտանգները, որոնք ծանր հարուածներով կ՛արագացնեն քանդումը, վտանգելով անոր գոյութիւնը։
Մասնագէտները 1500 տարուան անցեալ ունեցող Հայկական այս վանքը կը ջանան վերանորոգել՝ զայն զբօսաշրջութեան համար օգտագործելու նպատակով։
«Ֆըրաթ» համալսարանի պատմութեան բաժինի դասախօս տոքթ. Եուքսել Ասլանթաշ, յայտնելէ ետք, որ այս եկեղեցին հայկական է, կ՛աւելցնէ. «Որքան ալ ընդունինք, որ այս տարածքին մէջ հայեր չեն բնակիր այլեւս, պէտք է այս վանքը վերականգնի զբօսաշրջութեան համար»։