Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին Ամմանի մէջ մասնակցեցաւ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի՝ Միջին Արեւելքին եւ Հիւսիսային Ափրիկէին նուիրուած տարածաշրջանային համաժողովի աշխատանքին: Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորին եւ Ռայնա թագուհիին աջակցութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որուն մասնակցողներուն կարգին էին զանազան երկիրներու նախագահներ եւ վարչապետներ, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ, պետական, գործարար եւ քաղաքացիական հասարակութեանց շրջանակները ներկայացնող առաւել քան հազար առաջնորդներ:
Ֆորումին սկիզբը, ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Ապտուլլահ Բ. թագաւորը: Ատենախօսները անդրադարձան զանազան հարցերու եւ մարտահրաւէրներու, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին տարածաշրջանը ու ընդհանրապէս աշխարհը: Անոնք մասնաւորապէս խօսեցան ուժանիւթի անվտանգութեան, մաքուր եւ վերականգնուող ուժանիւթի աղբիւրներու օգտագործման, կլիմայական համակարգի փոփոխութիւններու եւ շարք մը այլ հարցերու շուրջ:
«Նոր ուժանիւթ նոր Միջին Արեւելքի համար» խորագրեալ նիստին ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Արմէն Սարգսեան: Այս առթիւ ան Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի շրջանակներուն ներկայացուց Հայաստանի ուժանիւթի աղբիւրները եւ հնարաւորութիւնները: Նախագահը նշեց, որ Հայաստանի մէջ վերականգնուող ուժանիւթը յառաջ կը մղուի: Երկիրը կ՛արտածէ ելեկտրականութիւն: Ես Հայաստանը կը համարեմ Միջին Արեւելքի մաս մը: Թէեւ Հայաստան չունի նաւթ եւ կազ, սակայն ունի ջուրի հսկայական պաշարներ: Դժբախտաբար, մենք հաւանաբար կ՛օգտագործենք ջուրի մեր պաշարներուն 10 կամ 20 տոկոսը, իսկ մնացեալ մասը կը վտանգուի: Ջուրը կարեւոր է», ըսաւ Արմէն Սարգսեան:
Իր խօսքին մէջ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ ներկայիս կլիմայի կրած վնասները ապագային պիտի ունենան լուրջ հետեւանքներ: Կլիմայի փոփոխութիւններուն հետեւանքով պիտի յառաջանան երաշտներ, սնունդի վերաբերող հարցեր, պիտի պակսի ջուրը, աւելի շատ անապատներ պիտի գոյանան եւ ցունամիներ տեղի պիտի ունենան: Ուստի, Արմէն Սարգսեան ըսաւ. «Մենք պէտք է փորձենք գտնել այլ լուծումներ եւ այդ լուծումները կրնան աւելի շատ հիմնուած ըլլալ ջրային ուժանիւթի, նոր փորձագիտութիւններու վրայ: Պէտք է օգտագործուին նոր փորձագիտութիւնները, արհեստական բանականութիւնը: Ասոնք փոքր մանրամասնութիւններ են, որոնք վաղը՝ 21րդ դարուն, կարեւոր պիտի ըլլան: Մենք չենք կրնար ուղղակի անտեսել միջուկային ուժանիւթը միայն այն պատճառով, որ կը վախնանք անկէ: Ես համաձայն եմ այն միտքին հետ, թէ մենք չունինք շատ ժամանակ: Մենք պէտք է զուգահեռ գործընթացներ իրականացնենք՝ ոչ միայն պայքարինք ածուխի օգտագործման դէմ, այլեւ աւելի ճիշդ օգտագործենք նաւթն ու կազը, օգտագործենք վերականգնուող ուժանիւթը, ջրային ուժանիւթը, միջուկային ուժանիւթը եւ առաւելագոյնս օգտագործենք նոր փորձագիտութիւնները, տուեալներու կառավարումը, որովհետեւ մենք շատ ժամանակ չունինք»:
Ամմանի մէջ Արմէն Սարգսեան մասնակցեցաւ նաեւ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին կողմէ կազմակերպուած հաւաքի հիւրերու անպաշտօն հանդիպման: Այս փուլի ներկաներու շարքին էին Ապտուլլահ Բ. թագաւորը, Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի նախագահ Պէօրկէ Պրենտէ, Անթոնիօ Կութերեշ, զանազան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ, բարձրաստիճան այլ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի օգնական ու միջազգային բանակցութիւններու հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյսըն Կրինպալտ: Այս փուլին Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ Հայաստանի զարգացման հեռանկարներուն եւ ապագային մասին: Ան Հայաստանը ներկայացուց՝ իբրեւ փորձագիտութիւններու եւ նորարարութիւններու երկիր: Նախագահը ընդգծեց, որ Հայաստանի զարգացման հիմնական մղիչ ուժը բարձր փորձագիտութիւնները կը հանդիսանան՝ գիտութիւնը, կրթութիւնը, նորարարութիւնները: Ան խօսեցաւ նաեւ երկրի ներդրումային հնարաւորութիւններուն եւ գործարարութեամբ զբաղելու առաւելութիւններուն մասին: Ըստ անոր՝ Հայաստան հարուստ չէ բնական պաշարներով, սակայն ունի շատ կարեւոր պաշար մը զանազան բաղադրիչներով եւ այդ մէկը երկրի մարդուժն է: Արմէն Սարգսեան համոզուած է, որ Հայաստան ունի բոլոր հնարաւորութիւնները՝ դառնալու համար շատ յաջողակ գիտական եւ փորձագիտական երկիր մը:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ամմանի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ: Այսպէս, ան մէկտեղուեցաւ Ապտուլլահ Բ. թագաւորին, Անթոնիօ Կութերեշի, Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Պէյպութ Աթամքուրովի, Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի հիմնադիր Քլաուս Շվափի եւ այլ դէմքերու հետ: Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն՝ Անթոնիօ Կութերեշի հետ զրուցելու ընթացքին Արմէն Սարգսեան բարձր գնահատեց ՄԱԿի կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն՝ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ: Արմէն Սարգսեան եւ Անթոնիօ Կութերեշ ողջունեցին Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին միջեւ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումը եւ ընդգծեցին, որ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ եւ բանակցային ճանապարհով կարգաւորումը այլընտրանք չունի:
Ապտուլլահ Բ. թագաւորին հետ զրուցելու ընթացքին Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ հայ-յորդանանեան բարեկամութեան լաւագոյն վկայութիւնը Յորդանանի գետի ափին վեր խոյացող հայկական եկեղեցին է: Ապտուլլահ Բ. թագաւորը զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ յետագային Հայաստան պիտի գործուղէ պատուիրակութիւն մը՝ տեղւոյն վրայ համագործակցութեան կարելիութիւնները քննարկելու նպատակով:
Արմէն Սարգսեան Ամման այցելութեան ընթացքին հիւրընկալուեցաւ նաեւ յորդանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն կողմէ: Յորդանանահայութիւնը պաշտօնական ընթրիքով մը մեծարեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը:
Աւարտելով Ամման իր այցելութիւնը՝ Արմէն Սարգսեան մեկնեցաւ Փորթուգալ, ուր պիտի մասնակցի Horasis վերլուծական կեդրոնի տարեկան հանդիպումին: