Ուրբաթ, 5 Ապրիլի առաւօտեան, Արամ Ա. վեհափառը ընդունեց շուրջ 15 անձերէ բաղկացած Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան պետական թատրոնի անդամները: Անոնք Լիբանան եկած էին Համազգայինի հրաւէրով, շարք մը ներկայացումներ տալու այնտեղ:
Վեհափառ հայրապետը գնահատեց թատերական մարզին մէջ խումբին տարած կարեւոր աշխատանքը եւ կոչ ուղղեց՝ հաւատարիմ մնալու Սօս Սարգսեանի մեծ վաստակին ու ջերմ հայրենասիրութեան: Ան ըսաւ, որ ինք մօտէն ճանչցած է Սօս Սարգսեանը եւ անոր մէջ տեսած ոչ միայն մեծ արուեստագէտը, այլ նաեւ մեծ հայրենասէրը:
Վեհափառը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ մեր մշակութային արժէքներու պահպանման ու առաւել հարստացման հրամայականին: «Դժբախտաբար, Հայաստանի թէ՛ Սփիւռքի մէջ նահանջ մը կայ մշակութային մարզէն ներս: Անհրաժեշտ է կասեցնել այդ նահանջը՝ առաջնահերթ կարեւորութիւն տալով հայ մշակոյթի վերածաղկումին: Այս ծիրէն ներս պետութեան, եկեղեցւոյ ու մեր կազմակերպութիւններուն զօրակցութիւնը կը նկատենք անհրաժեշտ», շեշտեց կաթողիկոսը: Ան նաեւ ողջունելով Հայաստան-Սփիւռք տակաւ աճող գործակցութիւնը, կոչ ուղղեց նոր ծաւալ տալու այդ գործակցութեան՝ ընդգծելով. «Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը միայն պիզնեսային ներդրում պէտք չէ ըլլայ, այլ նաեւ ընդգրկէ մշակութային, հայագիտական եւ այլ մարզերը»։