Գծավէպի մատենաշարի այս առաջին գիրքը մեզ կը տանի դէպի Ֆրանսա, Թուլոնի ծովեզերքը: Պատումը կը սկսի Ալճերիոյ, նոյնիսկ աւելի անդին՝ Անատոլուի մէջ:
Փոքրիկ Մահմուտի կեանքը հիմնապէս կը փոխուի, երբ Ալճերիայէն կու գայ մինչ այդ չտեսած իր մեծ մայրը: Ան ունի գաղտնիք մը, զոր չի գիտեր Մահմուտ: Մեծ մայրը հետզհետէ աւելի շատ տեղ գրաւելու կը սկսի թոռնիկներու կեանքին մէջ, մինչ Մահմուտ աւելի յաճախ կը սկսի հանդիպելու անոր անցեալի հետքերուն: Իրեն համար հանելուկի մը կը վերածուին այն բաները, զորս մեծ մայրը պիտի ուզէր մոռնալ, որոնց մասին ան կը դժուարանար խօսիլ: Հանելուկը օրէ օր կը լուծուի, իսկ Մահմուտ կը սկսի խարխափիլ իր արմատներու կնճռոտութեան դիմաց:
Առոյգ, գունաւոր այս գիրքը ցոյց կու տայ, որ անցեալը միայն անցեալ մը չէ, այլ կը շարունակէ ապրիլ ներկայի ու ապագայի մէջ: Ապրելու ուրախութիւնը, երջանկութիւնը, զաւեշտն ու թախիծը իրարու վարպետօրէն ագուցելով՝ կը հրամցնէ հաճելի ընթերցանութեան մը համար նոյնքան վարպետութեամբ պատրաստուած պատմութիւն մը:
Ֆրանսայի կարեւորագոյն գծագրողներէն Ֆարիտ Պուճելլալ ծնած է 1953ին: Աշխատանքային կենսագրութեան 1978ին սկսած է “L’Oud”, “Le Gourbi”, “Ramadan”, “Abdullah” գծավէպերով՝ ապահովելով մեծ յաջողութիւն: Ան աշխատակցած է ֆրանսական բազմաթիւ թերթերու ու հանդէսներու: Պուճելլալ, ներշնչուած իր անցեալէն, ուր ի մի ձուլուած են ալճերիացիի, հայու ու ֆրանսացիի ինքնութիւնները՝ կ՛արտադրէ գծավէպեր, որոնք կը պաշտպանեն միասնական կեանքը՝ ընդդէմ Եւրոպայի ցեղապաշտութեան: Պուճելլալ արուեստագէտի իր արդիւնաւէտ կեանքը կը շարունակէ որպէս իր երկրի յառաջատար մտաւորականներէն մէկը:
– Ֆարիտ Պուճելլալ, ֆրանսերէնէն թարգմանեցին Վարուժան Սրապեան եւ Նազարէթ Թոփալեան, գծավէպ 72 էջ, 18.5 x 26.5 սմ։