Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ուրբաթ, 5 Ապրիլին, աշխատանքային այցելութեամբ Յորդանան մեկնեցաւ: Ան Ամմանի մէջ պիտի մասնակցի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին՝ Մերձաւոր Արեւելքին ու Հիւսիսային Ափրիկէին նուիրուած հանդիպման, որուն հրաւիրուած է իբրեւ բանախօս: Նախագահ Սարգսեանի ուղեւորութիւնը կը շարունակուի մինչեւ Ապրիլ 7ը:
Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի այս հանդիպումը կազմակերպուած է Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորի եւ Ռանիա թագուհիի աջակցութեամբ ու անոնց բարձր հովանաւորութեամբ: Հաւաքին մասնակցութիւն պիտի բերեն զանազան երկիրներէ պետական, գործարար, քաղաքացիական շրջանակներէ աւելի քան հազար առաջնորդներ, որոնք պիտի քննարկեն այն մարտահրաւէրները, զորս կը դիմագրաւէ տարածքաշրջանը: Հանդիպման մասնակիցները մասնաւորապէս պիտի անդրադառնան ուժանիւթի անվտանգութեան, մաքուր ու վերականգնուող ուժանիւթի աղբիւրներու կիրառման, համացանցի անվտանգութեան եւ այլ շարք մը հարցերու:
Նախագահ Սարգսեանի ելոյթը նախատեսուած է «Նոր ուժանիւթ Մերձաւոր Արեւելքի համար» խորագրեալ քննարկման շրջանակներէն ներս: Ամմանի մէջ նախագահ Սարգսեան պիտի հանդիպի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի հիմնադիր ու գործադիր նախագահ, յայտնի տնտեսագէտ Քլաուս Շուապի հետ: Սարգսեան այս ֆորումի երկարամեայ մասնակիցներէն է եւ վաղեմի բարեկամութիւն ունի Քլաուս Շուապի հետ:
Ամմանի մէջ կեցութեան ընթացքին Արմէն Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ գործարար շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: