ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ուրբաթ, 5 Ապրիլին, ելեկտրագնացքով ժամանեց Գիւմրի եւ անմիջապէս սկսաւ քալելու Տիգրան Մեծ փողոցով: Վարչապետը, տեսնելով փողոցին անմխիթար վիճակը՝ իր դժգոհութիւնը եւ զայրոյթը փոխանցեց Գիւմրիի քաղաքապետին:
Փաշինեան Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանէն հետաքրքրուեցաւ, թէ ինչո՛ւ վերանորոգուող փողոցը կը գտնուի շարժելու համար անբարենպաստ վիճակի մէջ:
«Մի ժամանակ մարդիկ բողոքում էին, որ Գիւմրին չեն կառուցում, հիմա բողոքում են, որ կառուցում են, նշանակում է, որ ինչ-որ բան այն չէ: Հայաստանի շինհրապարակների մեծ մասը վերածուած է աղբանոցի», ըսաւ Փաշինեան:
Վարչապետը քաղաքապետին յորդորեց հարցը լուծել փողոցի վերանորոգման նախագիծի ճարտարապետները եւ պատասխանատուները աշխատանքային խորհրդակցութեան հրաւիրելու միջոցով:
Փաշինեան ապա այցելեց Գիւմրիի ինքնաշարժներու կայանի տնակային 104րդ աւանը, ուր ծանօթացաւ բնակիչներու կենցաղային պայմաններուն:
Այնուհետեւ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց «Չերքեզի ձոր» ընկերութիւնը, որ կը զբաղի ձկնաբուծութեամբ եւ ձկան վերամշակումով, նաեւ՝ իշխանի խաւիարի արտադրութեամբ: