ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Ուրբաթ, 29 Մարտին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, այցելեց Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան կեդրոնը, ուր կատարեց հսկումի արարողութիւն։ Սրբազանին կ՛ընկերանային Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան, Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան եւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան:
Յանուն Եղբայրակցութեան, ատենապետ Աւօ Գապաքչուզեան արտասանեց ողջոյնի խօսք։ Այնուհետեւ աշակերտներու կողմէ հրամցուեցան հոգեւոր երգեր։
Ապա, տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն, որմէ ետք առաջնորդը փոխանցեց իր պատգամը։ Ողջունելով ներկաները, առաջնորդը գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ վերջին երկու տասնամեակներուն, ամէն տարի Մեծ Պահոց շրջանին հոգեւոր Եղբայրակցութեան աղօթատեղիէն ներս կը գտնուի։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Եղբայրակցութեան աստուածահաճոյ գործունէութեան եւ մեր եկեղեցւոյ հաւատարմութեան մասին, օրհնեց անոնց ծառայութիւնները, յիշեցնելով, որ կը գտնուինք Մեծ Պահոց շրջանին մէջ, որ մեզի կ՛օգնէ, որ աստուածային սիրոյ կրակը մեր ներաշխարհը բոցավառէ։
Շնորհալի հայրապետին՝ «Հաւատով Խոստովանիմ»էն մէջբերելով՝ «Կենդանի՛ կրակ, Քրիստոս, իմ սրտիս մէջ բորբոքէ՛ Քու սիրոյդ կրակը» աղօթքը, ան մաղթեց, որ Գրիգոր Տղայ կաթողիկոսի բառերով մեզմէ իւրաքանչիւրը գտնէ Յիսուսը եւ գտնուի Յիսուսէն։
Առաջնորդը անգամ մը եւս գնահատեց Եղբայրակցութեան անդամներուն հաւատքը, սէրը, գթառատութիւնը եւ ծառայութիւնը, եւ կոչ ուղղեց, որ շարունակեն օրինակ դառնալ նոր սերունդին։ Ան եզրափակեց աղօթելով, որ Աստուած իր սիրով իւրաքանչիւրիս ներաշխարհը մաքրէ եւ իր սիրոյ կրակով ամէն տեսակ աղտեղութիւն հալեցնէ, որպէսզի Մեծ Պահքը առաւել իմաստ ստանայ եւ մենք կարենանք դիմաւորել Ս. Յարութեան յաղթական տօնը։
Աւարտին, Եղբայրակցութիւնը ընթրիքով հիւրասիրեց հոգեւոր հայրերը: Աւօ Գապաքչուզեան շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց առաջնորդին եւ Ազգ. առաջնորդարանի զօրակցութեան ու քաջալերանքին համար։
Առաջնորդարանի կողմէ ներկաներուն նուէր տրուեցաւ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Յիսուսաբոյր» գիրքէն օրինակներ եւ Ս. Գրոց դրուագներով սրբանկարներ։