ԵՐԵՒԱՆ.- Ռումանական ազգային օդանաւային «Tarom» ընկերութիւնը այսուհետեւ Պուխարեսթ-Երեւան-Պուխարեսթ ուղիղ չուերթներ պիտի իրականացնէ: Ապրիլ 3ին տեղի ունեցաւ առաջին թռիչքը:
Հայաստանի մէջ «Tarom» ընկերութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ Արարատ Մուրատեանի խօսքով՝ այս չուերթը դէպի Եւրոպա թռիչքները աւելի մօտ ու շահաւէտ պիտի դարձնեն:
«Չուերթ բանալու քանի մը ուղղութիւններ կային, բայց ընտրեցինք Ռումանիան: Ան պատմական նշանակութիւն ունի: Կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ դէպի եւրոպական երկիրներ Պուխարեսթով թռիչքները աւելի կարճ ու աժան են», ըսած է Մուրատեան:
Ռումանիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սերգէյ Մինասեանի խօսքով՝ չուերթը կը վկայէ հայ-ռումանական դրական յարաբերութիւններու մասին:
Ռումանական օդանաւային ընկերութիւնը շաբաթական պիտի իրականացնէ երեք չուերթ:
Արեւելահայերէն՝ Բուխարեստ, արեւմտահայերէն՝ ՊՈՒՔՐԷՇ։