ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ թատերական արուեստներու միութիւնը (ADAA), համագործակցութեամբ «Անթէոս» թատերախումբին, կը կազմակերպէ Հայոց Ցեղասպանութեան 104 տարեդարձին նուիրուած իւրայատուկ ձեռնարկ մը՝ «Հայ Ոգիին Յաղթանակը» ընդհանուր խորագիրին տակ, որ տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 23 Ապրիլին, «Քիքի եւ Տէյվիտ Կինտլըր» սրահին մէջ (110 E. Broadway, Glendale CA 91205):
Յայտագիրի իրագործման ընթացքին, խումբ մը դերասաններ պիտի ներկայացնեն Մայքըլ Արլէնէն, Պիանքա Պակաթուրեանէն, Սիւզան Քելեճեանէն, Ատրիանա Սեւանա Նիքըլզէն թատերական կտորներ, բեմադրութեամբ՝ Մայքըլ Արապեանի, Սիւզան Քելեճեանի, Արմինա ԼաՄաննայի եւ Մայքըլ Փերեցեանի։
Յայտագիրը նուիրուած է նաեւ աշխարահռչակ հայ երաժիշտ Միշէլ Լըկրանի յիշատակին եւ անոր ընթացքին պիտի ներկայացուին նաեւ Լըկրանի ստեղծագործութիւններէն ծաղկաքաղ մը՝ Ալին Արուստամեանի, Կրէկ Հօշարեանի եւ Սալբի Քերքոնեանի կատարողութեամբ։
Ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, իսկ աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել armeniandrama@gmail.com հասցէներուն կամ այցելել
www.armeniancalendar.com կայքը: