ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Այս ընտրութիւնները մեզի համար քիչ մը տարբեր էին, որովհետեւ Շիշլիի մէջ շատ քիչեր կը հաւատային մեր յաղթանակին», յայտնեց Թուրքիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Պոլսոյ Շիշլի շրջանի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեան մասնակցած ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան թեկնածու եւ նախկին երեսփոխան Սելինա Տողան, որ յաղթանակ արձանագրեց:
«Շիշլին կարիքը ունի թարմ եւ մաքուր էջի: Հոն, ընտրողները, ներառեալ հայերը, շրջապատուած էին նախկին քաղաքապետով եւ չէին հաւատար, որ մենք ընտրութիւններուն պիտի յաղթենք», ըսաւ ան:
Ըստ Տողանի՝ այդ վախն ու գերիշխանութիւնը նաեւ իրենց օգնեցին, որ ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեն: «Անշուշտ, Հանրապետական ժողովրդային եւ «Լաւ» կուսակցութիւնները ունէին իրենց նշանակալի ներդրումը մեր յաղթանակին մէջ», ըսաւ նախկին երեսփոխանը: