Հալէպ տուած հովուապետական այցելութեան շրջագիծէն ներս, Շաբաթ, 30 Մարտ 2019ին, առաւօտեան ժամը 9ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց վերանորոգեալ Մայր Եկեղեցւոյ սրբագործումն ու վերօծումը:
Վեհափառ Հայրապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը պատուոյ շքերթով եւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին եկեղեցի: Եկեղեցւոյ դրան դիմաց Վեհափառ Հայրապետին դիմաւորութեան համար շարք կազմած էին ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր արի-արենոյշները եւ Հալէպի հայ առաքելական եկեղեցիներու դպրաց դասերը:
Աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը սրբագործման արարողութեան համար եկեղեցի մուտք գործեց: Արարողութեան ներկայ էին հալէպահայ երեք համայնքապետները, ՀՀ Սուրիոյ Դեսպան Տիգրան Գէորգեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան անդամներ, Պատկան Մարմինի, հալէպահայ միութիւններու,Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ժամանած ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, օտարազգի հիւրեր եւ հաւատացեալ ժողովուրդի խուռներամ բազմութիւն մը:
Քահանայ հայրերը նախ ջուրով եւ գինիով սրբեցին օծման տեղերը՝ դռները (բարաւորը, սիւները եւ դուռը), եկեղեցւոյ կեդրոնական չորս սիւները, կեդրոնական խորանի չորս անկիւնները, աջակողմեան եւ ձախակոմեան խորանները եւ մատրան խորանը: Այնուհետեւ վերոնշեալ վայրերը Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ Ս. միւռոնով օծուեցան…