ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հինգշաբթի, 4 Ապրիլին, կ.ե. ժամը 12:30-2, դոկտ. Ճանըթըն Քոնլին Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Մարք Թէյփըր» շէնքին թիւ 309K սրահին մէջ (3501 Trousdale Parkway, Los Angeles, CA 90089) պիտի խօսի Գալուստ Կիւլպէնկեանի գեղարուեստի գործեր հաւաքելու «ասպատակութիւններ»ուն մասին։
Անգլիոյ Սաութհեմփթըն քաղաքի համալսարանին մէջ պատմութեան դասախօս դոկտ. Ճանըթըն Քոնլին վերջերս հրատարակած է Միջին Արեւելքի քարիւղի առեւտուրով հարստացած բարերար՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքին նուիրուած հատոր մը՝ «Mr. Five Per Cent: The many lives of Calouste Gulbenkian, the world՛s richest man»ը («Պր. Հինգ Տոկոսը. Աշխարհի Ամէնահարուստ Մարդուն՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի Բազմաթիւ Կեանքերը»)։
Ներկայացման համահովանաւորներն են՝ համալսարանին Արուեստի պատմութեան բաժանմունքը եւ Հայագիտական ուսմանց հիմնարկը։