ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».- Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան Հինգշաբթի, 28 Մարտին հրապարակեց 10-14 Ապրիլ Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուխարեսթի մէջ կայանալիք Եւրոպայի ախոյանութեան մրցումներուն մասնակցող կազմի անունները:
Եւրոպայի ախոյանութեան մրցումներուն մասնակցելու կը մեկնին Ռուդիկ Մկրտչեան, Գէորգ Ղարիբեան, Սլաւիկ Գալստեան, Կարէն Ասլանեան, Հրանդ Կալաչեան, Արսէն Ջուլֆալակեան, Սարգիս Քոչարեան, Մաքսիմ Մանուկեան, Արթուր Շահինեան եւ Դաւիթ Օւասափեան: