ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Լոս Անելըսի Պոլսահայ, Իրանահայ եւ Իրաքահայ Ընտանեկան միութիւններուն, ինչպէս նաեւ «Վարդանանց Ասպետներ»ուն, Շաբաթ, 23 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, դասախօսական երեկոյ մը տեղի պիտի ունենայ Իրանահայ միութեան մէջ (117 S. Louise St., Glendale CA 91205)։
Օրուան դասախօսն է պատմաբան եւ ընկերաբան փրոֆ. Թաներ Աքչամ, որ պիտի խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան նոր փաստերու մասին, կեդրոնանալով գլխաւորաբար Արամ Անտոնեանի եւ Գրիգոր Կէկրկէրեանի վկայութիւններուն ու արխիւներուն վերաբերող նոր հրապարակումներուն վրայ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող ուրացման ջանքերուն արշաւին մասին:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։